ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հանդուրժե՞լ, թէ՞ չհանդուրժել
Այո՛, հանդուրժե՞լ, թէ՞ չհանդուրժել։
Ա՛յդ է հարցը, ինչպէս պիտի ըսէր Համլետ՝ Շէյքսփիրի հերոսը։
Առաքինութի՞ւն է, թէ՞ թերութիւն հանդուրժելը։
Առաքինութի՞ւն է, թէ՞ թերութիւն չհանդուրժելը։
Անոնք ե՞րբ են առաքինութիւն, ե՞րբ՝ թերութիւն։
Ահա մտմտալիք, մտորելիք, մտածելիք խնդիր մը, որ կը չարչրկէ մեր մտքերը ներկայիս՝ ի տես մեր ժողովուրդի անմխիթար վիճակին։
Ի՞նչ է հանդուրժողութիւնը։ Ան կը գտնուի ընդունման եւ համակերպումին միջեւ։ Ընդունիլը կ՚ըլլայ կամովին, համակերպումը՝ ակամայ։ Հանդուրժելը կ՚ըլլայ կամայ-ակամայ։
Երբ կը հանդուրժենք զրկանք մը՝ յօգուտ հեռաւոր վայելքի մը, ինչպէս, օրինակ, երբ մենք մեզ կը զրկենք որոշ հաճոյքներէ, որպէսզի կարենանք ուսանիլ, ակնկալելով, որ ուսումը ապագայ յաջողութիւններու դուռ կը բանայ մեր առջեւ, այդ հանդուրժանքը առաքինութիւն կ՚ըլլայ։ Կամ երբ պատրաստ ենք այլազան զոհողութիւններ յանձն առնելու յանուն վեհ գաղափարի մը, դարձեալ դրական կը համարուի այդ հանդուրժողութիւնը, որ կրնայ տանիլ մինչեւ անձնազոհութիւն։
Տակաւին, երբ աչք կը գոցենք հարազատի մը կամ ընկերոջ մը մեզի հանդէպ ցոյց տուած անարդար մէկ վերաբերումին կամ լուռ կը մնանք արտասանած անախորժ մէկ խօսքի պարագային, որպէսզի աւելի չշիկանայ մթնոլորտը, աւելի չսրին յարաբերութիւնները, նման հանդուրժողութիւնը իր բարերար հետեւանքը կրնայ ունենալ եւ դարձեալ դրական կրնանք նկատել զայն։
Վերջապէս երբ ժամանակաւորապէս կը հանդուրժենք կեանքի դժուար պայմաններ, ֆիզիքական նեղուածքներ, անհաճոյ միջավայր եւ այլն, այս ալ կրնանք առաքինութիւն նկատել, քանի որ այդ հանդուրժողութեամբ կը յաջողինք դիմանալ ատոնց ու յուսալ ի վերջոյ յաղթահարել զանոնք։
Միւս կողմէ, հանդուրժողութիւնը թերութիւն կը դառնայ, երբ չենք առարկեր, չենք ընդդիմանար անհանդուրժելի արարքներու, չենք մերժեր զանոնք։ Անչափահաս զաւակի մը անհնազանդութիւնը, կողակիցի մը անհաւատարմութիւնը, պաշտօնեայի մը գողութիւնը հանդուրժելը պարզապէս տկարութեան եւ երբեմն ալ մեղսակցութեան նշան կրնայ ըլլալ։
Անձնական յարաբերութիւններէն անդին կայ սակայն հանդուրժողութեան այլ մակարդակ մը, որ ոչ թէ թերութիւն կը հանդիսանայ, այլ անպատասխանատւութիւն։ Ասիկա կը վերաբերի հաւաքական կեցութեան երեւոյթներուն, ըլլա՛յ ազատութիւններու կաշկանդումին, ըլլա՛յ հարստահարութիւններու, ըլլա՛յ հալածանքներու թէ այլ չարիքներու, որոնք կը կիրարկուին մէկ խումբի մը կողմէ ուրիշ խումբի մը նկատմամբ։ Նման պարագաներու անհանդուրժողութի՛ւնը կը դառնայ առաքինութիւն։ Բողոքի ցոյցեր ու արարքներ, ըմբոստացումներ թէ յեղափոխութիւններ կը յառաջանան իբր հետեւանք։
Սակայն կայ տակաւին բացասական հանդուրժողութեան մէկ այլ պարագայ, որ հաւաքականութիւն մը ցոյց կու տայ ինքն իր սեփական վնասարարութեան նկատմամբ, գուցէ հետզհետէ ընդունելով, գուցէ անզգալի՛ կերպով ընդունելով, սեփական ինքնութեան աղաւաղումը, լեզուի խաթարումը, մշակութային ժառանգութեան կորուստը եւ մասամբ նորին։ Այս պարագային արդէն նման հանդուրժողութիւնը համազօր կը դառնայ անձնասպանութեան։
Որքան ճշմարիտ կը հնչէ տակաւին Թոմաս Մանի ըսածը՝ «Հանդուրժողութիւնը ոճիր կ՚ըլլայ երբ չարիքին կը կիրարկուի»։
Իրաւամբ հարց տալու չե՞նք մենք մեզի, թէ չարիքը հանդուրժելով չէ՞, որ հասանք մեր այսօրուան վիճակին։
Ինչպէ՞ս մեր հայրենիքը դարերու ընթացքին կորնսցուց իր տարածքին իննսուն առ հարիւրը, եթէ ոչ աւելին։
Ինչպէ՞ս զանգուածային չափերով լքեցինք մեր հողերը։
Ինչպէ՞ս փոխանակ բազմանալու, կծկուեցանք, կծկուեցանք եւ ի վերջոյ նաեւ ենթարկուեցանք եղեռնագործութեան։
Ինչպէ՞ս հրաշքով մեր կերտած Հանրապետութիւնը կուլ գնաց բոլշեւիկեան «յեղափոխութեան», եւ 70 տարի խորհրդային կայսրութեան մէջ ապրելով չսորվեցանք մեր ճակատագրին տէրը ըլլալ։
Եւ ինչպէ՞ս մնացինք անոր փլատակներուն տակ եւ ահա երեսուն տարի է տակաւին չենք կրցած մեր սեփական ոտքերուն վրայ կենալ։
Ինչե՜ր հանդուրժած ըլլալու ենք, սկսեալ մեր օտարամոլութենէն եւ ինչե՞ր չենք մերժած հանդուրժել, սկսեալ մեր հայամերժութենէն։
Հանդուրժե՞լ, թէ՞ չհանդուրժե՞լ։
Լինե՞լ, թէ՞ չլինել…
That is the question,– ըսուեր է։
Ա՛յդ իսկ է հարցը։
«Հորիզոն», 2021-03-29, -04-05 (2178-2179)