Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեան Եւրոպական խորհրդարանի Նախարարներու կոմիտէի 131-րդ նստաշրջանի իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձած է Ազրպէյճանի քայլերուն նկատմամբ միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանգի անհրաժեշտութեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Այվազեան իր ելոյթին ընթացքին ըսած է. «Անցեալ տարի Ազրպէյճանը արիւնալի պատերազմ սանձազերծեց Արցախի ժողովուրդին դէմ: Պատերազմը ուղեկցուած է մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի զանգուածային խախտումներով: Այդ խախտումները պատշաճ ձեւով փաստագրուած են ո՛չ միայն հայկական, այլեւ` միջազգային աղբիւրներու մէջ: Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը միջանկեալ միջոցներ կիրարկած է Ազրպէյճանի նկատմամբ հարիւրաւոր գերեվարուած անձերու առնչութեամբ, որոնց գերութեան փաստը այդ երկիրը ընդունած է` պահանջելով անոնց մասին տեղեկատուութիւն, ինչ որ, սակայն, չէ կատարուած», ըսած է Այվազեան` աւելցնելով, որ Հայաստանը կարեւոր դեր կը վերապահէ Եւրոպական խորհուրդին` Արցախի մէջ պատերազմի կործանարար մարդկային հետեւանքներու հասցէագրման գործին մէջ, ներառեալ` տեղահանութեան, մշակութային եւ կրօնական կոթողներու աւերման, հարիւրաւոր ռազմագերիներու ու խաղաղ բնակիչներու շարունակուող պատանդառութեան հարցերը:
Այվազեան ըսած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդու իրաւունքներու զանգուածային եւ կոպիտ խախտումներու կարծր պատասխանի բացակայութիւնը Ազրպէյճանին խրախուսեց նոյն քաղաքականութիւնը վարել Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ` փորձ կատարելով գրաւել սահմանամերձ տարածքներ եւ տեղւոյն բնակչութիւնը զրկել իր ապրուստի միջոցներէն:
Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու` Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներթափանցման: Ան ըսաւ, որ ուժի կիրարկումով կամ անոր սպառնալիքին օգտագործումով պայմաններու առաջադրումը միջազգային իրաւունքի կոպտագոյն խախտում է: Հայաստանը պիտի չենթարկուի նմանօրինակ ճնշումներուն: «Հայաստանը կը մերժէ նաեւ այսպէս կոչուած «վիճելի տարածքներ» կեղծ օրակարգի ներմուծումը, ինչ որ վտանգաւոր նախադէպ կրնայ հանդիսանալ ուժի կիրարկման արդարացման համար նաեւ այլ շրջաններու մէջ:
«Չկատարելով 9 նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեամբ ստանձնած իր պարտաւորութիւնները, մասնաւորապէս` հայ ռազմագերիներու եւ պատանդի կարգավիճակի մէջ գտնուող քաղաքացիական անձերու հայրենադարձման եւ այլ մարդկային հարցերու առնչութեամբ` Ազրպէյճանը կրկին փաստած է միջազգային յանձնառութիւններու միտումնաւոր դրժման իր վարքագիծը», ըսաւ Նաղդալեան` աւելցնելով, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմաններու սահմանագծման եւ հետագային սահմանազատման գործընթացները պէտք է մաս կազմեն տագնապի համապարփակ խաղաղ լուծման գործընթացի: Ըստ անոր, այս ծիրին մէջ առաջնային ձեւով պէտք է հասցէագրուին Արցախի Հանրապետութեան տարածքներու բռնագրաւման եւ Արցախի վերջնական իրաւական կարգավիճակի որոշման հարցերը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին տակ: