ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Սուրիական բանակը 5 Օգոստոսին յայտարարեց, որ կը վերսկսի Իտլիպի մէջ իր գործողութիւններուն, որովհետեւ Անգարայի դաշնակից զինեալները խախտեցին զինադադարի համաձանութիւնը քաղաքային թիրախներու դէմ շարք մը յարձակումներ գործելով՝ աւելցնելով. «Բանակը եւ զինեալ ուժերը կը վերսկսին տարբեր անուններով կոչուած ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ իրենց մարտական գործողութիւններուն եւ պիտի պատասխանեն անոնց յարձակումներուն: Իր գործակիցներուն կողմէ յարձակումներ արտօնելու Թուրքիոյ կեցուածքը կը հաստատէ, որ Անգարա կը շարունակէ մերժել Սոչիի համաձայնութեան հիմամբ իր յանձնառութիւնները գործադրել։ Թուրքիոյ վարմունքը կը նպաստէ ահաբեկչական խմբաւորումներու դիրքերուն ամրապնդման եւ սուրիական հողերուն վրայ ահաբեկչութեան վտանգի տարածման»:
Նշենք, որ նոյն օրը, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ բազմաթիւ հրթիռներ արձակեցին ռուսական Հմէյմիմի զինուորական օդակայանին ուղղութեամբ, նիւթական վնասներ պատճառելով:
Միւս կողմէ, Ասթանայի բանակցութիւններուն Սուրիոյ պատուիրակութեան նախագահ Պաշշար Ճաաֆարի շեշտեց, որ Սուրիա պատրաստ չէ երկար սպասելու թրքական իշխանութիւններուն կողմէ Ասթանայի եւ Սոչիի համաձայնութիւններով իրենց ստանձնած պարտաւորութիւններուն գործադրութեան՝ աւելցնելով, որ Իտլիպի միլիոնաւոր բնակիչները սուրիական պետութեան միջամտութիւնը կը խնդրեն տագնապի լուծման եւ ահաբեկչական խմբաւորումները շրջանէն հեռացնելու համար:
Սոչիի համաձայնութիւնը կ՛ընդգրկէր զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն Հալէպի եւ Իտլիպի միջեւ գտնուող Ապու Տհուր զինուորական օդակայանէն 20 քիլոմեթր դէպի արեւմուտք նահանջելու պայմանը, սակայն տեղի ունեցան հակառակ ուղղութեամբ զարգացումներ եւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն թիւը Իտլիպի մէջ աստիճանաբար աճ արձանագրեց:
Մինչ այդ, քրտական «Էյ.Էն.Էֆ.» լրատուական կայքը հաղորդեց, որ հիւսիսային Սուրիոյ Աֆրին նահանգի գիւղական շրջաններուն մէջ թրքական բանակին վրայ յարձակումի մը իբրեւ հետեւանք սպաննուեցան թուրք զինուոր մը եւ Թուրքիոյ զինակից խմբաւորման մը անդամ երկու զինեալներ: