Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին անդրադարձած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման ու Ռուսիոյ դերակատարութեան:
«Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը ձեռք բերուած զինադադարի դրութեան պահպանման երաշխաւորն է: Մեր աջակցութեամբ կ՛իրականացուի մարդասիրական բեռներու տեղափոխումը, տարածքներու ականազերծումը` ի դէպ թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ Հայաստանի տարածքին մէջ, կը վերականգնուին կենսակերպի ապահովման համակարգերը, բժշկական օգնութիւն կը տրամադրուի բնակչութեան», նշած է Փութին:
Ան ընդգծած է. «Այդ ամէնը անգամ մը եւս կը հաստատէ ռուսական իմաստութիւնը այն մասին, որ «վատ խաղաղութիւնը նոյնիսկ աւելի լաւ է, քան լաւ պատերազմը»:
«Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան (ԱՊՀ) առանցքային դերը ինքնին խաղաղ համագործակցութեան եւ միացեալ աշխատանքի համար պայմաններ ապահովելն է` ուղղուած մեր երկիրներու զարգացման ու բարգաւաճման, մեր քաղաքացիներու բարօրութեան բարձրացման», աւելցուցած է Ռուսիոյ նախագահը: