Սեպտեմբեր 2013-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տպարանէն լոյս տեսաւ Լեւոն Անանեանի 480 էջերէ բաղկացած «Ժամանակ եւ ոգի» խորագրեալ հատորը:
Սոյն հատորը իր մէջ կը համախմբէ Անանեանի բազմաբնոյթ գրութիւնները` որպէս Հայաստանի Գրողներու Միութեան Նախագահ եւ Հայ յանձնառու մտաւորական: Հատորը իր ամբողջութեանը մէջ կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման յաջորդած տարիները` «իրենց պատմաքաղաքական, ազգային, մշակութային, գրական, ընկերային եւ տնտեսական փոթորկայոյզ վերիվայրումներով, հիմնահարցերով, տագնապներով եւ իրագործումներով: Կարճ ըսած` ժամանակահատուածի մը ցաւով, տագնապով, կիրքով, հաւատքով եւ մեծ երազներով հիւսուած ոգեկան վկայագրութիւնը, որուն համար Լ. Անանեանի այս գրութիւնները կը կարդացուին ժամանակահունչ ջերմութեամբ եւ բացառիկ հաճոյքով»: Սոյն հատորին խմբագիրն է` Սարգիս Կիրակոսեան