ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան մէջ պատերազմի պատճառով բնակելի անշարժ գոյք կորսնցուցած բնակիչները, որոնք միանուագ պիտի ստանան 250 հազար դրամ, պիտի օգտուին Արցախի վերահսկողութենէն դուրս մնացած համայնքներու բնակիչներուն (վերջիններս պիտի ստանան 300 հազար դրամ) տրամադրուող համանման աջակցութեան ծրագիրներէն:
Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խանումեան: «Մասնաւորապէս՝ հիւրընկալողների աջակցութեան ծրագրի համար` շահառուները կարող են դիմել եռամսեայ աջակցութեան ծրագրին», յայտնեց Խանումեան:
Ըստ անոր՝ Արցախի վերահսկողութիւնէն դուրս գտնուող համայնքներու բնակիչներուն տրամադրուող համանման ծրագիրի շահառու կը հանդիսանան մասնաւորապէս այն արցախցիները, որոնց բնակարանները կամ առանձնատուները ռմբակոծումի իբրեւ արդիւնք անբնակելի վիճակի մէջ են։