ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ
Անունս ալ կրող մահազդդ պիտի չդնեմ էջիս վրայ։
Իմ սրտիս էջերը պիտի բանամ, հոն քեզ բազմած պիտի գտնեմ`անշարժ։
Շատերուն համար, Մանուէլ Ա. Քէշիշեանն ես, պր. Մանոն, վաստակաւոր բեմադրիչը, գրողը, հրապարակագիրը, տեսուչը, ուսուցիչը, կրթական մշակը, բայց ինծի համար` աս բոլորին կողքին պիտի մնաս Մանո աղբարս….
Անկաջիս մէջ պիտի զրնգայ մօրս եւ երկու մօրաքոյրերուս միակ աղջիկ զաւակը ըլլալով`«Մեր մէկ-հատիկն ես դուն»,- սրտայոյզ փաղաքշանքդ:
Պիտի յիշեմ ինծի սորվեցուցածներդ, դիմացս դրած դասական երաժշտութեան բազմաթի՜ւ «քասէթներէն» «Ուզածդ առ, ամէ՜նը առ»,- ըսելդ։ Զիս առաջին անգամ shadows խանութը տանիլդ եւ վաճառողին «Օր մը, աս աղջիկը խանութիդ բոլոր քասէթները պիտի գնէ»,- ըսելդ …
Միշտ, քեզի՜ համար պիտի լսեմ ամենասիրելիդ` Պերլիոզը։
«Տարը» պիտի խաշեմ եւ սրտովս հետդ պիտի քալեմ Հալէպի մեր թաղին ետեւի երկար ճամբաները, տեղ-տեղ պիտի կենամ, մեզի նայող մարդոց զարմացած հայեացքները պիտի յիշեմ, պիտի խնդամ… պիտի լամ։
Նորէն պիտի կարդամ քու գրած ու համադրած ներկայացումները։
«Մէկ վայրկեան լռութիւն»,- պիտի ըսեմ եւ պիտի չմոռնամ, որ դպրոցի հայերէնի դասագիրքիս մէջ չկարդացի Վահէ քաչային անունը, այլ` Հալէպի «Զաւարեան» սրահին մէջ գիտցայ, որ «Գիշատիչներու» կրնայ վերածուիլ բարեկամներուն «խնճոյքը», նոյն «Գաւազան»ով կրնան հարուածուիլ սրբութիւնն ու ստորութիւնը… Պիտի չմոռնամ, որ նո՜յն սրահին մէջ ծանօթացայ ամենասիրած «Լոխում»իդ եւ հո՜ն լացի «Նահանջ»ին սկիզբը գուժող` Փիեռին չամբողջացուցած «Հայր մեր»ը ….
Բախտաւոր պիտի համարեմ ինքզինքս, քանի որ ըմբոշխնած եմ թատրոնի փորձերդ, դերակատարներուն ցուցաբերած յարգանքդ, նկատողութիւններդ, ոչ թէ երաժշտութեան, այլ թատերական ներկայացման մէջ ռիթմը բացատրելդ, բոլորին մտածել ստիպող հարցումներդ եւ հերոսներուդ անպայմա՜ն երգ մը երգեցնելդ ….
Օր մը, տղուս ալ պիտի պատմեմ Անդրանիկ Ծառուկեանի Հալէպ այցելութեան առիթով կազմակերպուած միջոցառման ընթացքին քեզի բնորոշ «Մանոյական» ելոյթդ….
Հպարտ պիտի զգամ, եթէ կարենամ Վահանին փոխանցել ընդհանուր զարգացման մրցումներէն առաջ ինծի, եղբօրս Միսաքին եւ բոլոր մասնակիցներուն փոխանցած մանրամասն գիտելիքներդ։
Մէջս պիտի պահեմ Հալէպի բոլոր համերգներուս աւարտին զիս պարուրող տաքուկ փաթթուկներդ եւ պիտի ջերմանամ շատո՜նց ականջներովս չլսած «Հպարտ եմ քեզմով, աղուորս» խօսքովդ….
Խեղդող է ցաւը` մանաւանդ երբ մինակ ես, անվշտակից, բայց ի՜նչ ըսեմ. նոյնիսկ մահուան մէջ յաջողեցար քեզի յատուկ աւարտ մը գտնել…
Արդեօք աւա՞րտն է ասիկա։
Յուսահատած պահերուս, «messanger»-ի մեր երկար զրոյցները պիտի բանամ, «Պիտի նեղուիմ, եթէ չգրես»դ պիտի կարդամ եւ քաջալերուիմ…
Անսահման սէրդ, տուածներդ, ինձմով հպարտանալդ սրտիս ու մտքիս մէջ պիտի պահեմ, հրաժեշտ պիտի չտամ եւ պիտի ապրեցնեմ քեզ։
Միշտ եղածիդ պէս` հիմա ալ ուրի՜շ տեղ մըն ես դուն….
Կեանքիս մէջ լոյս մը եւս մարեցաւ, բայց կը խոստանամ` «Տխուր մոմեր»դ պիտի չմարեմ ես։