ԶԱՐԻՖԵԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍ (1894-1924)
ՈՍԿԻԷ ԺԱՄ
Եւ իրիկուն մ՚ինծի ըսաւ.
-Դեռ չե՞ս գիտեր… քեզ կը սիրե՜մ.
Թոյլ տուր կուրծքիդ վրայ նիրհեմ…
Ալ ոսկիէ ժամը հասաւ.
Դեռ չե՞ս գիտեր, դեռ չե՞ս գիտեր…
Ա՜հ, թոյլ տուի, եւ ան նիրհեց… ։
Բայց երբ քունին մէջ խորացաւ,
Սուր սուր ցաւ մը սրտէս անցաւ.
Կը խորհէի – ի՜նչ խոր ննջեց,
Ոսկիէ ժամն հնչե՞ց, հնչե՞ց…
Բայց ես տժգոյն էի դեռ շա՜տ,
Եւ աչքերուս մէջ գիշեր էր.
Պէտք չէ՞ր քիչ մը ինձ լոյս բերէր…
Սրտիս վէրքն հին դեռ կ՚արիւնէր,
Արցունքի պէս ընդհատ, ընդհատ…
Ալ դժուար էր ինծի համար
Ցոյց տալ վէրքերըս անհամար…
Ինչ դժբա՜խտ էր, դեռ չէր գիտեր,
Մինչ կուրծքիս վրայ խոր կը նիրհէր… ։
1920
ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ…
Կը հաւատամ հիմա, գիտե՞ս,
Ես աստղերուն,
Թէ Սիրտ մ՚անհուն
Կ՚երգէ հեռուն…
Եւ այդ երգին դողէն է որ՝
Տժգոյն, կարկամ՝
Ես շատ անգամ
Ծունկի կու գամ
Հոգիիդ դէմ, ո՜վ իմ աղուոր։