Նիւ Եորք բնակող լուսանկարիչ Սքաութ Թուֆանքճեանը լուսանկարածլ է հայերը Սփիւռքի մէջ` Լոս Անճելըսէն` Լիբանան: Այս մասին կը հաղորդէ PanArmenian.net-ը:
Սեփական հողէն բռնի տեղահանումները հիմք դրած են աշխարհի տարածքին հայկական սփիւռքի համայնքներու ստեղծումին: Լուսանկարիչ Սքաութ Թուֆանքճեանը հայրենիքէն հեռու գտնուող հայերուն նոյն հարցը ուղղած է` ի՞նչ է անոնց համար ժառանգութիւնը: Այս լուսանկարներու շարքը լուսանկարիչին «Միայն աշխարհը կայ. Լուսանկարներ հայկական սփիւռքէն» գիրքէն է: Թուֆանքճեանը համատեղած է անոնց պատասխանները աշարհով մէկ կատարած լուսանկարներուն հետ` ցուցադրելով, թէ ինչպէս մարդիկ ոչ միայն յաջողած են փրկուիլ, այլեւ գրեթէ բարգաւաճիլ: