Չորեքշաբթի, 24 յունուար 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յաջորդաբար այցելեց Լիբանանի եւ Հայաստանի դեսպանատուները` Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ:
Վեհափառ հայրապետը նախ այցելեց Լիբանանի դեսպանատուն, ուր դիմաւորուեցաւ դեսպան Ֆուատ Շհապ Տանտանի եւ դեսպանատան անձնակազմին կողմէ:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու ընդհանրապէս Լիբանանը յուզող ներկայ հարցերուն:
Դեսպանը նախ ողջունեց վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը եւ յիշեց Լիբանանի հայութեան բերած գործօն մասնակցութիւնը` երկրին ծաղկման ու շինութեան եւ հայութեան կառչածութիւնը` Լիբանանի համակեցութեան ու արժէքներուն: Խօսք առնելով վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ Լիբանանը հայ ժողովուրդին համար դարձած է երկրորդ հայրենիք, յատկապէս Ցեղասպանութենէն ետք: Վեհափառ հայրապետը նշեց Լիբանանի կարեւորութիւնը` իբրեւ կրօններու ու մշակոյթներու երկխօսութեան երկիր, նաեւ այն յատուկ սէրն ու յարգանքը, որ այլ երկիրներ ունին Լիբանանի նկատմամբ եւ անոնց սպասումը` կարելի փութով Լիբանանի վերականգնումի ու վերածաղկումի ընթացքին մէջ մտնելուն:
Խօսք առաւ նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան եւ յայտնեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն եւ Լիբանանի դեսպանատան միջեւ գործակցութեան սերտ կապեր գոյութիւն ունին` վստահեցնելով, որ հայ համայնքը պիտի շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ դեսպանատան ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն:
Ապա, վեհափառ հայրապետը այցելեց Հայաստանի դեսպանատուն եւ ընդունուեցաւ դեսպան Կարէն Գրիգորեանի կողմէ, շրջապատուած դեսպանատան անձնակազմի անդամներով:
Դեսպան Գրիգորեան ողջունելով վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը յայտնեց, որ այս օրերուն, երբ մեր ազգը ու յատկապէս Հայաստանը կը դիմագրաւեն լուրջ դժուարութիւններ, մաղթանքն է, որ վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը դառնայ օրհնաբեր:
Խօսք առաւ վեհափառ հայրապետը: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի հայկական հողի վրայ եւ ապա ընդգծեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կատարած աշխատանքները` ի խնդիր Հայաստանի անկախութեան հզօրացման, անվտանգութեան ու հողային ամբողջականութեան պահպանման: Անդրադառնալով ներկայ կացութեան` վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ Հայաստանը շրջապատուած է լուրջ տագնապներով: Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները փաստօրէն փայլուն ու յուսալից չեն: Ներկայ ճակատագրական ժամանակներուն աւելի քան երբեք հրամայական է մեր ուժերուն համախմբումը` ազգին ու հայրենիքին ընդհանրական շահերուն շուրջ, ընդգծեց վեհափառ հայրապետը:
Հանդիպման աւարտին յուշանուէրներու փոխանակում տեղի ունեցաւ, որմէ ետք ի պատիւ վեհափառ հայրապետին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն դեսպանատան պարտէզին մէջ: