ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
Հայկական երեսփոխանական պլոքի «Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը» նախաձեռնութեան յայտարարութիւնը եղած էր արդէն: Ինչքան ալ հաւատքը մեծ էր այդ հսկայ գործին յաջողութեան, այնուամենայնիւ կը մնար այն փոքր մտավախութիւնը, որ մէկ-մէկ ալ տարբեր հարցադրումներով կը փորձէր պղտորել միտքերը: Այո՛, նման նախաձեռնութիւն նորութիւն չէր լիբանանահայ գաղութին համար, բայց տնտեսական վատ պայմաններու սարսափելի հարուածէն անմաս չէին մնացած հայ ընտանիքները եւ հայկական բոլոր հաստատութիւնները, հետեւաբար, բնական էր, որ բացասաբար ազդուէր «Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը» նախաձեռնութիւնը: Միւս կողմէն կար այն կենդանի եւ ուժեղ փաստը, որ տագնապները ինչքա՛ն ալ նոր դիմակներով հանդէս գան, երբեք ալ նորութիւն պիտի չըլլան աւելի քան 15 տարի պատերազմ տեսած ու ապրած լիբանանահայուն համար, որ կրցած էր պատերազմի ահաւորութիւնը յաղթահարել ու գոյատեւել, հետեւաբար պէտք էր հեռու վանել բոլոր կասկածները եւ առաջ անցնիլ յանուն իրարօգնութեան հաւաքական ծրագիրի յաջողութեան:
Սպասուած օրը հասաւ. 18 դեկտեբեր 2019-ին «Շաղզոյեան» կեդրոնը տօնական եռուզեռի մէջ էր: Ոտքի էր գաղութը իր ազգային ու միութենական բոլոր կառոյցներով: Ոտքի էին հայ հասարակութեան բոլոր խաւերը: Ոտքի էր բարւոք կեանք ապրող մարդն ու ինքնաբաւը, ոտքի էր նաեւ համեստ պայմաններով եւ մանաւանդ օրուան հացը հազիւ ապահովող մարդը: Ինչքան յուզիչ էր տեսնել խումբ առ խումբ եկած հայ դպրոցի աշակերտները, որոնք իրենց ամէնօրեայ ծախսէն բաժին հանելով եկած էին հաստատելու, որ կը զօրակցին հայ ընտանիքին, հայ կարիքաւորին, հայ երիտասարդին: Այդ օր անոնք սորվեցան ամէնէն կարեւոր մարդկային դասը իրենց ուսումնառութեան ընթացքին, որ պիտի ուղեկցի իրենց կեանքի ամբողջ ընթացքին ու պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ:
Եւ սիրով յագեցած այդ օրուան արդի՞ւնքը… Արդի՜ւնքը… 137.573.000 լիբանանեան ոսկի, որ ոչ թէ անսպասելի էր, այլ անակնկալելի: Արդիւնքը յուզիչ, բայց ոգեւորող եւ գօտեպնդող էր: Արդիւնքը նոր յաղթանակ մըն էր ամէնէն վատ պայմաններուն մէջ: Արդիւնքը խրախուսիչ էր ու հաստատող , որ հայը ունի ապրելու կամք, վճռակամութիւն եւ մարդկային վեհ արժանապատուութիւն: Արդիւնքը փաստ մըն էր, որ լիբանանահայը հարուստ է իր առաքինութեամբ, իր խրոխտ կեցուածքով, հարուստ է իր բարի կամեցողութեամբ, եղբօր նկատմամբ իր ունեցած մեծ սիրով ու հոգածութեամբ: Արդիւնքը այն ճշմարիտ եւ գեղեցիկ իրականութիւնն էր, որ լիբանանահայը կրնայ ամոքել իր ցաւերը, կրնայ դիմագրաւել իր դժուարութիւնները` հակառակ ամէն կողմէ փչող հողմերուն, որ լիբանանահայը վեր է այն բոլոր ճղճիմ մանրուքներէն, որոնք կու գան պղտորելու միտքերը եւ խանգարելու կեանքի անդորրը: Եւ վերջապէս, արդիւնքը աչքի փուշ էր բոլոր անոնց, որոնք պահ մը նոյնիսկ կասկածեցան պատմութիւն կերտած հաստատութեան մը վրայ, կասկածեցան այն յանձնառու անձնակազմին վրայ, որ տիւ եւ գիշեր կ՛ապրի ու կը տագնապի գաղութին հոգերով եւ ամէն գնով օգտակար կը դառնայ բոլորին անխտիր, նոյնիսկ անոնց, որոնք երբեմն քարերով կը հարուածեն իրենց ձեռք երկարած կողմին:
Մարդկային ամէնէն վեհ զգացողութիւնը այն է, երբ մարդ իր լաւ ու վատ պայմաններու մէջ օգտակար կը դառնայ դիմացինին: Իսկական ուրախութիւնը տալու մէջն է: Իսկական օգնութիւնը այն է, երբ մարդ ոչ թէ իր ունեցածին աւելցածը կու տայ, այլ երբ իր ունեցածը կը կիսէ իր բարեկամին հետ: Ուրախ ու հոգեպէս խաղաղ կ’ապրի ան, երբ առանց սակարկութեան, առանց ակնկալութեան ձեռք կ’երկարէ դիմացինին: Ինչքան ալ մեծ ըլլայ մարդուն կատարած նուէրը, երբ փոխադարձ ակնկալութեան մը համար կը կատարէ զայն, բնական է, որ հոգեկան գոհացում չստանայ:
Այսօր լիբանանահայուն կը մնայ ամէն բանէ աւելի իր ուժին ու կարողութեան վստահելով շարունակել պայքարը` ներկայ ու գալիք բոլոր տագնապները յաղթահարելու եւ նոր սերունդներուն արժանավայել կեանք ապահովելու համար:
Ապրի՛ լիբանանահայ գաղութը իր բոլոր կառոյցներով ու հատուածներով, իր ծերով ու պատանիով, մանուկով ու երիտասարդով: Ապրի՛ն բոլոր նուիրատուները, որոնք դժուար պայմաններու մէջ անսացին Հայկական երեսփոխանական պլոքի կոչին ու իրենց քսակները բացին հայ ընտանիքին կողքին կանգնելու: Ապրի՛ն բոլոր անոնք, որոնք քաջալերեցին ու բարի մաղթանքներով զօրակցեցան այս պատասխանատու աշխատանքին: Ապրի՛ն բոլոր անոնք, որոնք հաւատացին ու կը շարունակեն հաւատալ լիբանանահայու այն տեսակին, որ քաջ կը գիտակցի իր առաքելութեան, ինքնութեան եւ կառչած է իր մարդկային ու ազգային բոլոր արժէքներուն: