Ամէն տարի, Ֆրանսայի Շամոնի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Միտքերու գագաթնաժողով»ը (Summit of Minds), այս տարի առաջին անգամն ըլլալով պիտի կազմակերպուի Հայաստանի մէջ:
Armenian Summit of Minds խորագիրով գագաթնաժողովը տեղի պիտի ունենայ 7էն 9 Յունիսին, Երեւանի եւ Դիլիջանի մէջ, կը հաղորդէ Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:
Գագաթնաժողովի գլխաւոր գործընկերն է՝ The Monthly Barometer յայտնի վերլուծական թերթը:
Ժողովը կազմակերպելու համաձայնութիւն գոյացած է Սեպտեմբեր 2018ին, երբ նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ իբրեւ գլխաւոր բանախօս կը մասնակցէր ամէնամեայ «Միտքերու գագաթնաժողով»ին:
Այս միջոցառումին պիտի մասնակցին անուանի եւ ազդեցիկ շուրջ 300 քաղաքական գործիչներ, գիտնականներ, գործարար-ներդրողներ, մեծագոյն ընկերութիւններու եւ լրատուամիջոցներու ղեկավարներ ամբողջ աշխարհէն:
Հայաստան Շամոնիէն դուրս առաջին երկիրն է, որ պիտի հիւրընկալէ այս ժողովը:
Armenian Summit of Minds-ի քննարկումի հիմնական թեման «Տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքականութիւնը, տնտեսութիւնը եւ ներդրումները. բազմաբեւեռութեան ազդեցութիւնը առեւտուրի եւ ներդրումային հոսքերու վրայ» խորագիրը պիտի կրէ: