30 սեպտեմբերէն 1 հոկտեմբերի լոյս առաւօտ գիշերուան ընթացքին արցախա-ազրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին մէջ տիրած է յարաբերական կայուն լարուածութիւն: Կարգ մը ճակատներու վրայ շարունակուած է հրետանային եւ հրաձգային տարբեր տեսակներով փոխհրաձգութիւնը:
Արցախի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, թէ թշնամին փորձած է որոշակի վերախմբաւորումներ, զօրաշարժեր, որոնք կանխուած են Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներէն:
Ռազմական դիրքերու իմաստով իրադրութիւնը կը մնայ անփոփոխ: Այս պահուն(առաւօտեան) կայուն լարուածութիւն կը տիրէ բոլոր ճակատներուն վրայ:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի միջեւ հեռախօսազրոյցի մը ընթացքին ընդծուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չունի այլ լուծում, քան՝ խաղաղ կարգաւորումը:
Նախագահները խոստացած են շարունակել խորհրդակցութիւնները: