ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Ասպարէզ»ի 108ամեակին առթիւ, խմբագրութիւնս ձեռնարկած էր հանգանակային արշաւի մը՝ թերթով ու համացանցով:
Սոյն արշաւի ծիրէն ներս, ազգային բարերար, համայնքէն ներս եւ Հայաստանի մէջ իր շօշափելի բարեգործութիւններով յայտնի Մայք Սարեանի բնակարանին մէջ անցեալ Կիրակի, 25 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ հանգանակային երեկոյթ մը, որուն ընթացքին գոյացաւ աւելի քան 45,000 տոլար:
Արշաւը, որուն ընթացքին հանգանակուած ընդհանուր գումարը հասաւ 70,000 տոլարի, Սարեանի բնակարանին մէջ տեղի ունեցած հիւրասիրութեամբ հասաւ իր աւարտին:
«Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլո՛ր անոնց, որոնք ընդառաջելով մեր հրապարակային դիմումին՝ թերթի տարեդարձին առթիւ փոքր ու մեծ նուիրատուութիւններ կատարեցին:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք յատկապէս պարոն Մայք Սարեանին, որ ոչ միայն իր տան դռները լայն բացաւ մեր բարեկամներուն առջեւ, այլեւ ստանձնելով երեկոյին բոլոր ծախսերը՝ կատարեց նաեւ երկու հազար տոլարի յաւելեալ նուիրատուութիւն մը:
«Ես իմ տանս մէջ կը ստանամ ամերիկեան յայտնի թերթեր, բայց ինծի համար սկզբունքային է ստանալ նաեւ հայկական թերթ, եւ ես սիրով կը սպասեմ «Ասպարէզ»ին, հակառակ անոր որ թերթին կը հետեւիմ անոր համացանցային կայքէն: Ինծի համար հայ թերթը, հայկական դպրոցին ու եկեղեցիին հետ միասին, մեր ազգային դիմագիծի պաշտպանութեան ամէնէն հզօր կռուաններէն է, եւ ես պատրաստ եմ մի՛շտ թիկունք կանգնելու այս հաստատութիւններուն», յայտարարեց Սարեան՝ իր բնակարանի գեղատեսիլ բակէն խօսելով մեր հիւրերուն հետ։
Հանգանակային այս հիւրասիրութեան կազմակերպական աշխատանքները իրենց վրայ վերցուցած էին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Այտա Տիմէճեան եւ տոքթ. Գարմէն Օհանեան:
Երեկոյի պատուոյ հիւրերու շարքին էին յայտնի բարերարներ Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեաններ եւ պարոն Նազարէթ Գեւոնեան:
Երեկոյի բացումը կատարեց տոքթ. Գարմէն Օհանեան: Շնորհակալական խօսքերով հանդէս եկան թերթի հայերէն եւ անգլերէն բաժիններու խմբագիրներ Աբօ Պողիկեան եւ Արա Խաչատրեան, որոնք ներկաներուն յայտնեցին խմբագրութեան հետագայ ծրագիրներուն մասին: