ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
Տերեւաթափ: Աշնանային տերեւաթափ:
Այս անգամ աշնանային տերեւաթափին միացաւ լիբանանահայ երիցագոյն գրողներէն Արա Արծրունին: Բնութեան տերեւաթափին հետ լիբանանահայ գրողներու համախումբին տերեւաթափը կը շարունակուի: Անցնող վեց-եօթը տարիներուն գրողներու համախմբումը կորսնցուց իր երէց, եւ ոչ միայն երէց, անդամներուն աւելի քան կէսը: Զգալիօրէն նօսրացաւ անոնց թիւը: Անդրանիկ Ծառուկեանի բնութագրումով, անդի կողմը մեկնողներուն թիւը կը գերազանցէ այս կողմը մնացածներունը:
Մեկնեցաւ նա՛եւ Արա Արծրունին:
Մեկնեցաւ` ասպետական վեհ կեցուածքով, իրեն յատուկ:
Մեկնեցաւ` անգոսնելով մահը:
Մեկնեցաւ` ութուկէս տասնամեակ ապրած ըլլալու գոհունակութեամբ:
Մեկնեցաւ` կեանքէն իրեն բաժին ինկած տարիները արդիւնաւէտ իրագործումներով կատարած ըլլալու բաւականութեամբ:
Մեկնեցաւ` հայ գրականութեան կտակելով արձակ երկեր, պատմուածքներ, վիպակներ, թատրերգութիւններ, խոհական եւ հրապարակագրական ընտիր էջեր:
Մեկնեցաւ, սակայն կարգ մը մարդիկ չհասկցան ազնիւ ոգիով հարուստ անձը եւ կամ ալ չուզեցին հասկնալ զինք:
Իր մեկնումով կորսնցուցինք յանձնառու գրողն ու մարդը:
Իւրաքանչիւր տառին, բառին եւ խօսքին խոր գիտակցութեամբը ապրող ու շնչող հայ մարդը` հետամուտ իր իսկ ինքնութեան փնտռտուքին:
Համամարդկայինն ու ազգայինը գիտակցական առողջ իմացութեամբ իր անձին մէջ ընդելուզող մտաւորականը:
Հայ գրական եւ իմացական ճոխ գիտելիքներուն շաղկապած օտար գրական-իմացական հարստութիւններուն բանիմաց գիտակը:
Սփիւռքահայ թատերական գրականութեան նորարար եւ տիրական դէմքը:
Անընդունելի դրսեւորումներու, մենատիրական նկրտումներու եւ ազգավնաս կեցուածքներու դէմ ընդվզող ըմբոստացող ոգին:
Մեկնեցաւ Արա Արծրունին: Մասունքները միախառնուեցան հայրենի հողին:
Արդեօ՞ք մեկնեցաւ…
Մեկնեցաւ հողեղէնը: Մնաց յիշատակը, մնաց աւանդը:
Պիտի շարունակէ մնալ իր կերտած գրականութիւնը` այլազան արտայայտութիւններով, յատկապէս` հայ թատրերգութեան մէջ ներմուծած իր խիզախ նորարարութեամբ:
Յիշողութիւններու մէջ պիտի մնայ իր պարկեշտ, անբասիր մարդու տիպարը:
Պիտի մնայ պատուանդանի վրայ բարձրացած ՄԱՐԴՈՒ եւ ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒ իր ասպետական կերպարը: