ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաքուի վերաքննիչ դատարանի վարչական շէնքին մէջ աւարտեցաւ 13 հայ ռազմագերիներու քրէական գործով դատաքննութիւնը, որուն աւարտին անոնք դատապարտուեցան 6 տարուան բանտարկութեան՝ «ահաբեկչութեան, Ատրպէյճանի պետական սահմանը ապօրինաբար հատելու, ապօրինի զէնք-զինամթերք պահելու» շինծու մեղադրանքներով։
6 տարուան բանտարկութեան դատապարտուածներն են՝ Հայկազ Յովհաննիսեան, Վարազդատ Մանուկեան, Դաւիթ Ստեփանեան, Լեւոն Թոսունեան, Արթուր Բաղդասարեան, Սերոբ Աւագեան, Վարազդատ Յարութիւնեան, Ժորա Մանուկեան, Հրայր Գերաբեան, Նարեկ Գասպարեան, Գրիգոր Կիւրեղեան, Աշոտ Գէորգեան, Մարտին Աղրամանեան։
Այս պահեստազօրայինները գերի տարուած էին Դեկտեմբեր 2020ին՝ պատերազմի աւարտէն շաբաթներ ետք, երբ, իրենց իսկ խօսքով, վերադասի հրամանը կատարելու ընթացքին փորձեցին նահանջել Հադրութի Խծաբերդ եւ Հին Թաղեր գիւղերէն։
Ասիկա հայ զինուորներու երրորդ խումբն է, որ Ատրպէյճանի մէջ կը դատապարտուի բանտարկութեան։