Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Ապու Տապիի գահաժառանգին հրաւէրով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը կիրակի, 12 յունուար 2020-ին հասաւ Ապու Տապի` մասնակցելու «Կայունութեան շաբաթ» վերնագիրը կրող միջազգային համագումարին:
Այս առիթով Ազգային առաջնորդարանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ Հայաստանի դեսպանատան միատեղ գործակցութեամբ յարմար նկատուեցաւ, որ նախագահը այցելէ Շարժայի մէջ գործող առաջին հայկական համալիրը եւ եկեղեցին:
Երեքշաբթի, 14 յունուար 2020-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ համալիրի մուտքին հանրապետութեան նախագահը դիմաւորուեցաւ թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանի, հոգեւորական դասուն եւ Ազգային իշխանութեան կողմէ, ապա` եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ կարճ արարողութիւն, որմէ ետք անոնք հոծ բազմութեան ներկայութեամբ մեկնեցան սրահ, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն` նախագահի այցելութեան առիթով:
Ազգային միօրեայ Օհաննէսեան վարժարանի աշակերտները փունջ մը երգերով ու ասմունքներով ելոյթ ունեցան, յանուն ներկաներուն խօսք առաւ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային վարչութեան ատենապետ Մուշեղ Պետիրեան, որ բարի գալուստ մաղթեց նախագահին եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ազատ եւ անկախ Հայաստան ունենալու մեծ երազանքին եւ այդ երազանքի իրականացման իբրեւ արդիւնք ահաւասիկ արդէն իսկ պատիւը ունինք մեր գաղութին մէջ վայելելու ներկայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին: Ապա ան հրաւիրեց սրբազան հայրը, որ իր սրտի խօսքը ուղղէ:
Սրբազան հայրը յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան եւ հաւատաւոր ժողովուրդին ողջունեց հանրապետութեան նախագահին այցելութիւնը համալիր: Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ անցնող տարիներուն ընթացքին նախագահին ունեցած դերակատարութեան ու նպաստին, յատկապէս արտաքին յարաբերութիւններու միջոցով, որոնք մեծապէս օգտակար դարձան Հայաստանի Հանրապետութեան: Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ նաեւ մատնանշեց թեմի ժողովուրդին ունեցած իւրայատուկ կապուածութիւնը հայրենիքին նկատմամբ: Խօսքին աւարտին սրբազան հայրը շեշտեց անցնող տասնամեակներուն ընթացքին սփիւռքահայութեան ունեցած մեծ դերակատարութիւնը հայրենիքին նկատմամբ` նիւթական եւ բարոյական ներդրումներով, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակուին: Սրբազան հայրը նախագահի յատուկ ուշադրութեան յանձնեց իրավիճակը միջինարեւելեան կարգ մը գաղութներու, որոնք կը գտնուին պատերազմի եւ կամ քաղաքական անկայուն վիճակի մէջ` շեշտելով, որ Հայաստանը նմանօրինակ երեւոյթներու նկատմամբ առաջնահերթ կերպով պէտք է օգտակար դառնայ հայ գաղութներուն: Խօսքը եզրափակելով` սրբազան հայրը ըսաւ. «Հայրենիքը մեծագոյն սրբութիւն է, որուն անվտանգութիւնը համայն հայութեան պարտականութիւնն է, հետեւաբար բոլորս ալ կոչուած ենք պայքարելու հայրենիքի ապահովութեան եւ բարգաւաճման համար»:
Սրբազան հայրը հրաւիրեց նախագահը, որ իր խօսքը ուղղէ ժողովուրդին:
Հանրապետութեան նախագահը իր մեծ ուրախութիւնը յայտնեց Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրին մէջ ընդունելութեան համար:
Ապա ան մատնանշելով ըսաւ. «Հայաստանը յաղթած երկիր է, որովհետեւ պատմութեան ստեղծած բոլոր դժուարութիւններուն դիմաց պայքարեցաւ եւ միշտ յաղթական դուրս եկաւ: Մենք կը հաւատանք ամբողջական հայութեան ուժին»:
Խօսքի աւարտին նախագահ Սարգսեան խօսեցաւ Հայաստանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց միջեւ վերջին տարիներուն աճած եւ զարգացած յարաբերութեան մասին` յայտնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ մեծ ծրագիրներ կան, որոնք պիտի նպաստեն Հայաստանին:
Ձեռնարկի աւարտին սրբազան հայրը յանուն Ազգային իշխանութեան եւ ժողովուրդին յուշանուէր մը յանձնեց նախագահին: