երեքշաբթի, 3 մարտ 2020-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան:
Վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին զրոյցը առաւելաբար կեդրոնացաւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան վրայ: Այս ծիրին մէջ, վեհափառը իր կարգ մը մտահոգութիւնները փոխանցեց դեսպանին: