Ընդառաջելով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի խնդրանքին եւ ի գնահատութիւն երկար տարիներու ազգանուէր ու եկեղեցանուէր գործունէութեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Իշխանի կարգ»-ի շքանշանով պարգեւատրեց բարերար Երջօ Սամուէլեանը:
Այս առիթով հրապարակուած հայրապետական սրբատառ կոնդակին մէջ վեհափառ հայրապետը հետեւեալ կերպով բնութագրած է եկեղեցական ու ազգային բնագաւառին մէջ բարերար Սամուէլեանի գործունէութիւնը. «Լիբանանի հայութիւնը Ձեզ ճանչցաւ իբրեւ լուսարձակներէ հեռու, սակայն իր ազգային, եկեղեցական, կրթական եւ ընկերային կեանքին մէջ բազում բարերարութիւններով կարեւոր ներդրում ունեցող սրտակից ազգային ու առատաձեռն բարերար: Լիբանանեան պատերազմի թէժ օրերուն, Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանը ստիպողաբար հեռացաւ իր կայքէն եւ գործեց շատ ծանր ու դժուար պայմաններու մէջ: Պուրճ Համուտի մէջ նոր առաջնորդարան մը կառուցելու անյետաձգելի ծրագիրը իրականացաւ շնորհիւ Ձեր իշխանական նուիրատուութեան: Նորակառոյց Ազգային առաջնորդարանի համալիրին մէջ Երջօ Սամուէլեան անունով մկրտուած սրահը Մենք կը նկատենք շօշափելի վկայութիւն մը` Լիբանանի հայութեան բարձր գնահատանքին ու խոր երախտագիտութեան: Քաջ գիտենք, որ Աստուծոյ կողմէ Ձեզի շնորհուած բարիքները անաղմուկ ու առատաձեռն կերպով բաժնած էք մեր ժողովուրդին, յատկապէս կարիքաւոր դասին հետ` թէ՛ Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին ճամբով եւ թէ՛ առանձնապէս` «Զուարթնոց» կեդրոնէն սկսեալ մինչեւ «Թռչնոց բոյն», եւ հոգալով համեստ ընտանիքներու զաւակներուն կրթաթոշակն ու չքաւոր հիւանդներու բժշկական խնամքին ծախսերը»:
Սրբատառ կոնդակի աւարտին, վեհափառ հայրապետը իր աղօթքը բարձրացուցած է առ Աստուած, որ բարերար Երջօ Սամուէլեանին ու անոր հարազատներուն պարգեւէ քաջառողջութիւն եւ Իր օրհնութեամբ վարձահատոյց ըլլայ անոնց: