Երկուշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2022-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուելի հետ: Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Լիբանանի հայութեան անունով ցաւակցութիւն յայտնեց դեսպանին Էլիզապեթ Բ. թագուհիին մահուան առիթով եւ ողջունեց Չարլզ Գ. թագաւորին թագաւորական պաշտօնի ստանձնումը, ինչպէս նաեւ դեսպանին յանձնեց վեհափառ հայրապետին յղած նամակը:
Վեհափառ հայրապետը իր նամակին մէջ անդրադառնալով Էլիզապեթ Բ. թագուհիին գահակալութեան կը յիշէ, թէ ան յատկանշական իրագործումներով լեցուն նոր էջ մը բացաւ Անգլիոյ պատմութեան մէջ եւ իր նախաձեռնութիւններով մեծապէս սիրելի դարձաւ իր ժողովուրդին: Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունելով թագուհիին աւագ զաւակին` Չարլզ Գ.-ի թագաւորական պաշտօնի ստանձնումը, անոր մաղթեց յաջողութիւն, յատկապէս նորանոր մարտահրաւէրներով ու տագնապներով լեցուն ներկայ ժամանակներուն մէջ: