Գահիրէ հասնելէն անմիջապէս ետք, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Ղպտի եկեղեցւոյ պետ Թէոդորոս Բ. պատրիարքին հետ: Ապա, հանդիպումին միացաւ Մարոնի եկեղեցւոյ պետ Պշարա Ռայի պատրիարքը: Երկու եկեղեցիներու պատուիրակութեանց ներկայութեան տեղի ունեցաւ յիշեալ հանդիպումը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի եւ եկեղեցիներու գործակցութեան հետ առնչութիւն ունեցող հարցեր:
Խաղաղութեան հարցին շուրջ «Ազհար» իսլամական կեդրոնին կազմակերպած միջազգային համագումարի ծիրին մէջ, վեհափառ հայրապետը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ յատկապէս համագումարին մասնակից տարբեր պետութիւններու, իսլամական կեդրոններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:
Վեհափառ հայրապետը Գահիրէ կեցութեան ընթացքին նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի եւ Լիբանանի դեսպաններուն հետ:
Նշենք, որ Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանն ու Ազգային իշխանութիւնը ի պատիւ վեհափառ հայրապետին ընթրիք մը սարքեցին հայրապետին իջեւանած պանդոկին մէջ: