«Հաճոյքով կը հաղորդենք, որ «Արաս» հրատարակչատունը, իր վերջին շրջաններու հարուստ հրատարակութեան շարքին մէջ տեղ տուած է նաեւ մեր խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանին, որմէ անցեալ շաբաթ հրապարակ հանուեցաւ «Դուն Աղա, Ես Աղա, Մեր Ալիւրը Ո՞վ Աղայ» գրքոյկը։ Ինչպէս գիրքին անունը պիտի յիշեցնէ, այս գրքոյկին մէջ տեղ գտած են Ռ. Հատտէճեանի «Հայկական Առածներու Ներշնչումով» գիրքէն բաժիններ, որոնք նախապէս հրատարակուած են «Մարմարա»ի «Յուշատետր» սիւնակին մէջ, ապա գիրքի վերածուած են. գիրքի վերածուած են նաեւ Գարեգին Ա. երջանկայիշատակ հայրապետի փափաքով նախ Պէյրութի, ապա Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ», կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։
Հատտէճեանի սոյն գիրքը իր ամբողջական վիճակով Պոլսոյ մէջ երկու տպագրութիւն ունեցած է եւ արդէն սպառած։ Իսկ «Արաս»ի հրատարակութիւնը Հատտէճեանի գիրքին մէկ մասն է միայն։ Հրատարակիչները ընտրած են մասնաւորաբար պատանիներու համար հասկնալի կտորներ։ Բոլոր առածներուն խորագիրները թելադրական են։ «Դուրսը քահանայ, ներսը սատանայ», «Գնա մեռիր, եկուր սիրեմ», «Համբերէ, որ համ բերէ», «Կատուին խաղը մուկին մահն է», «Եթէ չունիս փող, մտիր հող», եւ այսպիսի առածներ, որոնք մեկնաբանուած ու խորհրդածութիւններու նիւթ դարձած են հեղինակին կողմէ։ Գիրքը նկարազարդուած է ծաղրանկարիչ Սարգիս Փաչաճըի կողմէ, իսկ կողքը՝ Արէտ Կըճըրի։