https://keghart.org-Սեմ (Սամուէլ) Սիմոնեանի անունը նորութիւն մը չէ։ Ան գիտնական է, համահիմնադիրը «ԹՈՒՄՕ»-ի (TUMO), որու կարեւոր մասնաճիւղերէն մէկը կը գտնուի Երեւանի մէջ եւ կը նկատուի համակարգչային գիտութեան վաւերական կեդրոններէն մէկը։ 1989-ին ան հիմնած է Inet Technologies-ը: 1994-ին ճանչցուած է տարուայ ձեռնարկատէր Inc. Magazine, Ernst & Young եւ Merrill Lynch–ի կողմէ, 2000-ին արժանացած է ԱՄՆ-ի Էլլիս Այլընտ (Ellis Island) պատուոյ շքանշանին: Շրջանաւարտ է Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանէն (նախակրթարան), իսկ երկրորդական կրթութիւնն ստացած է Հ. Բ. Ը. Միութեան Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանէն։ Գիտական բարձրագոյն ուսման տիրացած է Թեքսասի համալսարանին մէջ, ուրկէ վկայուած է որպէս էլեկտրոնիկայի ճարտարագէտ (Electronic engineer):
Սեմ Սիմոնեանի անցնող տարիներու ազգային-հասարակական գործունէութիւնը ցոյց կու տայ, որ ան հարազատ արգասիքն է հայկական վարժարաններու: Պատահական չէր իր յաճախած նախակրթարանին հանդէպ ցուցաբերած հոգատարութիւնը, որուն շնորհիւ Թեքէեան վարժարանի մանկապարտէզը վերջերս կոչուեցաւ Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեան
բարերար ամոլին անունով՝ յետ զգալի բարենորոգութիւններու եւ արդիականացման աշխատանքներու:
Նորընտիր նախագահին անունը քաջ ծանօթ է ՀՀ-էն ներս, որպէս բանական ճարտարագիտութեան (AI) նորարար գիտահետազօտական կարեւոր հիմնարկի մը հիմնադիր։ Առ ի գնահատանք իր բազմակողմանի աշխատանքներուն ան պարգեւատրուած է Անանիա Շիրակացի շքանշանով:
Հ. Բ. Ը. Մ.ի Կեդրոնական վարչական ժողովին կողմէ Միութեան նախագահ ընտրութեամբ (զայն պէտք է հաստատէ Միութեան ընդհանուր պատգամաւորական ժողովը, որուն գումարումը նախատեսուած է այս տարուան հոկտեմբերին) հպարտութեան արդար զգացումով լեցուեցաւ յատկապէս Հ. Բ. Ը. Միութեան լայն շրջանակը: Լուրը գոհունակութեամբ ընդունեցին, ի մասնաւորի, Միութեան վարժարաններէն
շրջանաւարտները: Արդարեւ, ան համազգային այս մեծ միութեան՝ հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտ եւ Թեքէեան մշակութային միութեան շրջանակին մէջ թրծուած առաջին նախագահն է, նաեւ առաջին նախագահը որ կու գայ ժողովրդային չարքաշ խաւէն: Հետեւաբար, սփիւռքեան հոծ շրջանակ մը նոր յոյսերով ու ակնկալութիւներով կ’ընդունի անոր ընտրութիւնը:
Յիշեցնենք թէ վերջին երեսունհինգ տարիներու ընթացքին վերջին երկու նախագահներն ու անոնց վարչական/հոգաբարձական կազմերը Միութեան կիզակէտը դարձուցած էին գերազանցապէս նորանկախ Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւնները, միաժամանակ զգալիօրէն անտեսելով Հ. Բ. Ը. Միութեան վարժարանները, որոնք զանազան պատճառներով իրենց դուռերը գոցեցին կամ միացուեցան իրարու: Այս մասին տրուեցան զանազան «պատճառաբանութիւններ», որոնք համոզիչ չեղան գրեթէ բոլորին:
Այս պահուն յարմար չենք գտներ խօսիլ վերոյիշեալ հարցին մասին կամ զայն դարձեալ քննարկել, թէեւ շատ մելան հոսեցաւ անցնող տասնամեակներուն՝ առանց դոյզն դրական փոփոխութեան: Մեր համոզումով, հայկական վարժարանները եղած են այն մշակութային ու կրթական ամէնէն վստահելի բոյները, ուր միս ու արիւն առին սփիւռքը սնող եւ կառավարող տարրերը: Այստեղ է որ հայապահպանութիւնը գտաւ իր պարարտ հողը, շարունակեց գոյատեւել հայոց լեզուն, նոր սերունդներուն հաղորդուեցան հայոց պատմութիւնն ու հայ մշակոյթը՝ ՄԻԱԺԱՄԱՆԱԿ ՔԱՅԼ ՊԱՀԵԼՈՎ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԱՇԽԱՐՀԻ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՅԼ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ԿԱՐԻՔՆԵՐՈՒ ՀԵՏ: Ճիշդ էին Միութեան
հիմնադիր մեծ տեսլապաշտ Պօղոս Նուպար փաշա եւ իր գործակիցները, որոնք 1906-էն սկսեալ մասնայատուկ ուշադրութեամբ եւ բծախնդրութեամբ լծուեցան ԴՊՐՈՑ, ԱԿՈՒՄԲ եւ ԵԿԵՂԵՑԻ կառուցելու եւ զանոնք պահելու գործին՝ ըլլա՛յ Հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին: Թուենք քանի մը հատը՝ Քելէկեան որբանոց, Սիսուան որբանոց-դպրոց (Փորթ Սայիտ), Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն (Նիկոսիա, Կիպրոս), Պէյրութի Դարուհի Յակոբեան աղջկանց եւ Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարաններ, Հալէպի Լազար Նաճարեան վարժարան, Պէյրութի Երուանդ Տեմիրճեան, Կարպիս Նազարեան, Պօղոս Կարմիրեան վարժարաններ, Պուէնոս Այրեսի Մարի Մանուկեան վարժարան ու դեռ կարելի է երկարել այս շարքը:
Յատկապէս պէտք է շեշտել ՄԿՀ-ը, որ շուրջ ութը տասնամեակ ոչ միայն պատսպարեց հարիւրաւոր որբեր, այլեւ մասնագիտութեամբ ապահովեց զանոնք, պատրաստեց մանկավարժներ, հայագէտներ, գիտութեան եւ արուեստներու մէջ յաջողած մասնագէտներ, ազգային-հասարակական գործիչներ։ Այս վարժարաններու մէջ հասակ առին նաեւ գործարարներ, որոնք իրենց նիւթական աղբիւրները չխնայեցին ազգին կարիքներուն համար։ Հետեւաբար, այսօր եւս հացի եւ ջուրի պէս մեր ազգը պէտք ունի նոր ՄԿՀ-ի մը։
Մարտահրաւէրները շատ են նորընտիր նախագահին դիմաց: Թուենք քանի մը հատը.
– Միութեան անդամութեան վերականգնում, որպէսզի սփիւռքի թէ Հ. Հ.ի հայերը ունենան պատկանելիութեան ու պարտականութեան խորունկ զգացում.
– Նպաստել արտագաղթի դէմ պայքարին.
– Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան եւ առհասարակ հայ վարժարաններու դերի վերարժեւորում.
– Տաղանդաւոր երիտասարդ արուեստագէտներու եւ գրողներու քաջալերութիւն.
– Հայ մշակոյթի արժէքներու պահպանութիւն եւ ծանօթացում աշխարհին.
– Եւ ամենէն էականներէն մէկը՝ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ զայն դուրս բերելով յղփացած հարուստներու եւ քաղքենիներու ակումբի այսօրուան տխուր վիճակէն: Միութեան հիմնադիրներէն եւ նախագահներէն ոմանք մեծահարուստ էին, սակայն միաժամանակ՝ իրենք զիրենք ծառան կը նկատէին համեստ խաւերուն եւ չէին զլանար անոնց օգնել ու չէին անտեսեր անոնց նոյնիսկ աննշան թուող օգնութիւնները Միութեան: Մենք լաւ կը յիշենք ամէն հոկտեմբերի Մշակոյթի օրուան հանգանակութիւնները, երբ ժողովուրդին համեստ խաւերը լիաբուռն կը մասնակցէին տուն առ տուն շրջող միութենականներու եւ Հ. Բ. Ը. Մ.ի դպրոցներու աշակերտներու հանգանակութեան արշաւին: Աւելի ճիշդ է որ ՄԷԿ ՄԻԼԻՈՆ ՀԱՅ մէկական տոլար տայ Միութեան, քան ՄԷԿ ՀՈԳԻ՝ մէկ միլիոն տոլար (անշուշտ՝ ողջունելի են նաեւ վերջիններս): Կը կարծենք, թէ կարիքը չկայ բացատրելու, թէ այս երկուքին դրամական արտայայտութիւնը եթէ նոյն գումարն է, սակայն Միութեան աշխատանքներուն ՀՈԳԵԿՑՈՒԹԵԱՆ տարողութիւնները լեռ ու ձոր կը տարբերին իրարմէ (ընտրեալ
նախագահը եւ Միութեան վարժարաններ յաճախած իր հարազատները՝ քոյրը՝ Սեդա, զարմիկները՝ Պերճ եւ Մարալ, տիկինը՝ Սիլվա եւ այլք՝ հաւանաբար մասնակցած են Մշակոյթի օրուան ժողովրդային հանգանակութիւններուն՝ ապրելով ուրախութեան գերագոյն պահեր…):
«Գեղարդ» ի սրտէ կը շնորհաւորէ պրն. Սեմ Սիմոնեանի ընտրութիւնը եւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ սատար կենալու անոր ազգօգուտ բոլոր նախաձեռնութիւններուն: Պարտ կը զգանք յիշեցնել թէ մեր անձնակազմի եօթը անդամներէն հինգը իր նման Հ. Բ. Ը. Միութեան Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարանի, Դարուհի Յակոբեան աղջկանց երկրորդական վարժարանի եւ Երուանդ Տեմիրճեան նախակրթարանի շրջանաւարտներ են, որոնք իրենց հայկական կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը կը պարտին իրենց յաճախած վարժարաններուն, անոնց բիւրիցս երանելի ուսուցչական կազմերուն եւ հովանաւոր մեծ Միութեան ազգային տեսլակա՛ն ունեցող ղեկավարներուն:
Ներածական նկարը կը ներկայացնէ 1973-ի Հ. Բ. Ը. Միութեան Յովակիմեան-Մանուկեան Մանչերու Երկրորդական Վարժարանի շրջանաւարտ հունձքը, յաջորդը՝ նոյն նկարէն մաս մը՝ ուր սլաքը կը մատնանշէ Սեմ Սիմոնեանը: Այնուհետեւ տեղադրուած է դպրոցի «Նուիրում» աշակերտական թերթի 1973-ի ամառը լոյս տեսած թիւէն փոխառնուած հատուած մը, որ կը վերաբերի Սիմոնեանի կենսագրութեան եւ իր այդ օրերու նշանաբանին՝ «Ըլլալ ինքնավստահ եւ արագ»: Ապա տեղադրուած է Սիմոնեան ամոլի (Սիլվա եւ Սեմ) նկարը, որուն կը յաջորդէ Հ. Բ. Ը. Միութեան նորընտիր նախագահին պատկերը՝ հարցազրոյցի ընթացքին: