Որբ տղայ մը՝ ցնցոտիներ հագած` կծկուեր էր հարուստ տուներու պատերուն տակ: Կռթնած էր հարուստ տան մը պատին եւ երկարած էր ձեռքը դէպի մարդիկ: Գարունը նոր բացուած էր , մօտակայ սարերը կանաչ գոյնով կը ծփային, եւ գարնան անուշ արեւը բարի աչքերով կը նայէր բոլորին: Մայթերու վրայ անցուդարձի մէջ էին մարդիկ, եւ ոչ մէկը կը փորձէր ակնարկ նետել խեղճ որբին վրայ: Երբ արեւը կամաց–կամաց կը թեքուէր մօտաւոր կանաչ սարերու ետեւը, սկսաւ փչել ցուրտ քամի մը, եւ երեխան կը դողար՝ խե՜ղճ ու անտուն:
Ախ, կարմիր արեւ, բարի՜ արեւ, դուն էիր միայն ինծի տաք պահողը, հիմա ես ո՞ւր երթամ, ինծի մինակ կը ձգես այս ցուրտին ու խաւարին. ես մայր չունիմ. ես տուն չունիմ, ո՞ւր երթամ, որուն մօտ երթամ… Վեր հանէ, տար ինծի քեզի հետ, անու՜շ արեւ…
Երեխան կու լար լուռ ու մունջ, եւ արցունքները գլոր–գլոր կը սահէին անոր գունատ երեսէն: Իսկ մարդիկ տուն կը դառնային, և ոչ ոք կը լսէր ու կը տեսներ զինք …
Արեւը սահեցաւ անցաւ սարին միւս կողմը եւ ալ չերեւցաւ:
-Բարի՜ արեւ, ես գիտեմ, դուն գացիր քու մօրդ մօտ… Ես գիտեմ, ձեր տունը ա՜յս սարի ետեւն է, ես կու գամ, կու գամ քու մօտդ, հիմա, հիմա…
Ու խեղճ երեխան դողալով՝ հարուստ տուներու պատերը բռնելով, գնա՜ց, գնա՜ց, քաղաքէն դուրս ելաւ: Հասաւ մօտաւոր սարին. դժուար էր վերելքը, քարեր ու քարեր, ոտքը կը դպչէր քարերուն, խիստ կը ցաւէր. բայց ան ուշադրութիւն չդարձնելով կը բարձրանար անընդհատ:
Մութը իջաւ եւ կանաչ սարը սեւերով ծածկուեցաւ: Սարի գլխուն կը փայլփլէին աստղերը՝ կանչող, գուրգուրացող ճրագներու պէս: Կը փչէր սառը, խիստ քամին, որ ձորերու մեջ ու քարափներու գլխուն վայոցով կ’աղաղակէր. երբեմն կը թռչէին սև գիշերահաւերը, որոնք դուրս եկած էին որս փնտռելու համար: Երեխան անվախ ու հաստատուն քայլերով կը քալէր վերեւ, բա՜րձր, միշտ բա՜րձր. եւ յանկարծ լսեց շուներու հաչոց, քիչ մը յետոյ ալ լսեց ձայն մը խաւարի մէջ.
-Ո՞վ ես, ո՞ւր կ’երթաս:
-Ճամբորդ տղայ եմ, արեւին մօտ կ’երթամ, ըսէ, ո՞ւր է արեւին տունը, հեռու՞ է, թէ՞ մօտիկ:
Ճրագը ձեռքին մօտ եկաւ մարդ մը եւ քնքոյշ ձայնով ըսաւ.
-Դուն յոգնած ես հիմա, անօթի ու ծարաւ, երթանք իմ մօտս: Ի՜նչ անգութ են քու հայրն ու մայրը, որ այս մութին քեզի ցուրտին ու քամիին բերանը ձգեր են:
-Ես հայր ու մայր չունիմ, ես որբ եմ ու անտէր…
-Երթանք, տղաս, երթանք իմ մօտս, – ըսաւ բարի անծանօթը եւ երեխայի ձեռքէն բռնելով՝ տուն տարաւ:
Անոր տունը խեղճ խրճիթ մըն էր. օճախին շուրջը նստած էին բարի մարդուն կինն ու զաւակները՝ փոքր երեխաները: Անոր խրճիթին կից, մեծ բակի մը մէջ կ՝որոճային ոչխարները: Ան հովիւ էր, սարի հովիւ:
-Սիրելի զաւակներս, ձեզի եղբայր բերած եմ, թող չ’ըլլաք երեք եղբայր, ըլլաք չորս: Երեքին հաց տուող ձեռքը չորսին ալ կու տայ: Սիրեցէ՜ք իրար. եկէք համբուրեցէք ձեր նոր եղբօրը:
Ամենէն առաջ հովիւին կինը գրկեց երեխային եւ մօր պէս ջերմ-ջերմ համբուրեց. յետոյ երեխաները եկան եւ եղբօր պէս համբուրեցին զինք: Տղան ուրախութենէն առանց դադար առնելու կու լար: Յետոյ սեղան նստեցան` ուրախ, զուարթ: Մայրը անոնց համար անկողին պատրաստեց եւ բոլորին քնացուց իր մօտը: Երեխան շա՜տ յոգնած էր. իսկոյն աչքերը փակեց ու անո՜ւշ-անո՜ւշ քնացաւ:
Երազին մէջ ուրախ կը ժպտար տղան, ինչպէս ինքը արեւի մօտ է արդէն, գրկեր է անոր ամուր ու պառկեր է անոր գիրկը տաք ու երջանիկ: Մէյ մըն ալ հրճուալի սրտով տեղէն վեր ցատկեց եւ նկատեց թէ արեւի փոխան գրկեր է նոր եղբայրները եւ ամրօրէն բռներ իր մօր ձեռքը։ Ու հաւատաց թէ իրապէս արեւը այս տան մէջ կը գտնուի, իսկ ինք ՝արեւին գիրկը….
Աւետիք Իսահակեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Շաքէ Մանկասարեան
Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան
Կը հրատարակենք թարգմանողին ազնիւ արտօնութեամբ [email protected]