Ժողովուրդներու կեանքին ամենաթանկագին հասկացողութիւնը հայրենիքն է: Հայրենիքը այն անփոխարինելի պատուարն է, որուն համար ժողովուրդին թափած արիւնը կը շաղախուի հողին, զայն կը սրբացնէ իր նահատակներու խորհուրդով եւ յաւերժութեան ուղենիշ կը դառնայ անոր ապագայ զաւակներուն: Մեր ժողովուրդի պատմութիւնը նոյնպէս յարանման է այլոց անցած ճանապարհին: Անիկա եղած է ճակատագրական իրադարձութիւններու, գոյակռիւներու, փոթորկայոյզ դրուագներու, տխրաշուղ եւ լուսաւոր էջերու հանապազօրեայ պայքար:
Մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութիւնը կը սկսի Հայոց դէմ կազմակերպուած եւ գործադրուած Ցեղասպանութեամբ, Սարդարապատի հերոսամարտով եւ Մայիսեան հանրապետութեան ծնունդով: Իրականացաւ մեր դարաւոր երազը, երբ բուռ մը հողի վրայ անկախացաւ մեր հայրենիքը: Անկախութեան հռչակումով, Մեծ Եղեռնէն յարութիւն առած ափ մը Հայաստանը իր ուրոյն տեղը գրաւեց միջազգային ընտանիքին մէջ: Մայիսեան անկախութիւնը եղաւ կարճատեւ: Միջազգային եւ տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական յեղաշրջումներու հետեւանքով Հայաստան դարձաւ Խորհրդային ընտանիքի անդամ: Այս ժամանակամիջոցին Հայաստան զարգացաւ զանազան բնագաւառներէ ներս: Խորհրդային փրկարար Բ. Հանրապետութեան ժամանակաշրջանը յատկանշուեցաւ վերածնունդի եւ վերակազմաւորման անշեղ գոյերթով:
21 Սեպտեմբեր 1991-ին Հայաստան տիրացաւ իր անկախութեան: Եթէ 23 Օգոստոս 1990-ին, Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը որդեգրեց Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը, ապա՝ 21 Սեպտեմբեր 1991-ին անկախութեան հանրաքուէի միջոցաւ հայրենի ժողովուրդը միաձայնութեամբ որոշեց դուրս գալ Խորհրդային Միութեան կազմէն եւ դառնալ ինքնուրոյն պետականութիւն: Մեր ժողովուրդը հանրաքուէի միջոցաւ արժեւորեց իր պատասխանատուութիւնը: 21 Սեպտեմբեր 1991-ի հանրաքուէն համազգային վճռակամութեան եւ հաւաքական կամքի արտայայտութիւն էր: Հայաստան իբրեւ անկախ պետականութիւն անմիջապէս մաս կազմեց Միացեալ ԱզգերուԿազմակերպութեան: Անդամակցեցաւ այլ հեղինակաւոր կառոյցներու: Դարձաւ գերիշխան պետութիւն:
Որքան ալ անկախ ըլլանք մեր պետական կառոյցներով, մեր հայրենիքը չի կրնար մեկուսացած ապրիլ իր շրջապատէն: Մեր դժնդակ սահմանակիցները՝ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա տնտեսական շրջապատումի ենթարկած են Հայաստանը : Ատրպէյճան՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով չի դադրիր իր ռազմական նկրտումներէն: Թուրքիա՝ կը շարունակէ ժխտել պատմութիւնը, ուրանալ հայ ժողովուրդի դէմ գործադրած Ցեղասպանութիւնը եւ իր բռնատիրութեան տակ կը պահէ արեւմտեան Հայաստանը: Աշխարհաքաղաքական այս վտանգաւոր կացութեան դէմ Հայաստան պարտաւոր է փնտռելու քաղաքական դաշնակիցներ, որոնք յարգելով Հայաստանի անկախութիւնը եւ գերիշխանութիւնը, պիտի երաշխաւորեն անոր սահմաններուն անվտագութիւնը եւ պետականութեան գոյութիւնը:
Անկախութեան ձեռք բերումը որքան ալ դժուար հասանելի մնայ, զայն պահպանելը աւելի լուրջ հրամայականներու առջեւ կը դնէ մեզ բոլորս: Հայաստան կը դիմագրաւէ տարածաշրջանային եւ ներքին բազմաթիւ մարտահրաւէրներ: Մեր վճռակամութեան եւ միասնականութեան առջեւ փոշիանալու դատապարտուած են անոնք: Մեր սեւեռակէտը պիտի ըլլայ կերտել ժողովրդավար, ընկերային արդարութեան վրայ յենած պետականութիւն, հզօր բանակ եւ Սփիւռք – հայրենիք փոխադարձ վստահութեան վրայ յենած համագործակցութիւն: Այս եռակողմ դրոյթներու իրականացումով գօտեպնդած պիտի ըլլանք հզօր հայրենիքի մեր տեսլականը:
Ազատութիւններու եւ արտաքին յարաբերութիւններու զարգացումով տարօրինակ երեւոյթներ սկսած են ձեւաւորուիլ հայրենի իրականութեան մէջ, որոնք կը խաթարեն մեր նորահաս սերունդը: Խիստ մտահոգիչ տարողութիւն ստացած է աղանդներու բազմացումը, որոնք կը գործեն մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ու այսպէս կոչուած ազատախոհութեան սգեմի տակ..: Միս կողմէ, Հայաստան ժողովրդավարական երկիր ըլլալով հանդերձ, ընկերային արդարութիւնը հիմք չդարձաւ պետական համակարգին: Ազատ տնտեսութիւնը ծայրայեղ հարստացողներու եւ աղքատացողներու խորացող բեւեռ մը ստեղծեց ժողովուրդին մէջ: Երկրին տնտեսական եւ ընկերային կայունութիւնը խորհրդանշող միջին դասակարգը առ այսօր կը մնայ անգոյ: Տուժեց գիւղատնտեսութիւնը: Քաղաքական անկախութեան անպայմանօրէն պիտի յաջորդէր տնտեսական, ընկերային անկախութիւնը: Հայրենիքը իր շուրջ պիտի բոլորէր համայն հայ ժողովուրդը: Պիտի բազմանար եւ ծաղկէր հայ ընտանիքը: Թռիչք պիտի առնէր մեր հոգեւոր ու մտաւոր աշխարհը, արտագաղթի փոխարէն տեղի պիտի ունենար ներգաղթ: Այս բոլորը կ’արձանագրենք սրտցաւ լաւատեսութեամբ նայելով ապագային, սխալները սրբագրելու վճռակամութեամբ:
Անկախութեան օրը յաղթահարած դժուարութիւնները արձանագրելու եւ նոր սլացքներ ուրուագծելու օրն է: Անկախութեան նահատակներուն ուխտի եւ հաւատարմութեան օրն է: Անկախութեան օրը մեր սահմանապահ քաջարի բանակին սխրագործութիւնները վերարժեւորելու օրն է : Բայց աւելի կարեւորը՝ մեր պետութիւնը գուրգուրալու օրն է:
Հայաստանը համայն հայութեան հայրենինք է: Որքան ամուռ հիմքերու վրայ դրուին Հայաստանի քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ իրաւական կառոյցները, այնքան աւելի հզօր կը դառնայ ան:
Արժեւորենք ու պահպանենք, պատերազմի, զրկանքներու, հազարաւոր նահատակներու, նուիրումի եւ հայրենասիրութեան հաւատքով ձեռք բերուած անկախութիւնը: Արժեւորենք ու պահպանենք մեր դիրքը միջազգային ընտանիքին մէջ: Արժեւորենք մեր անկախ հանրապետութիւնը, որպէսզի կերտենք մեր երազներու Հայաստանը:
Անկախութեան գործընթացը պիտի շարունակուի անկասկած: Անոր առաջադրանքը պիտի ըլլայ կերտել հզօր բանակ եւ պետականութիւն: Ամրապնդել ժողովուրդին բարօրութեան խիստ կենսական ընկերային արդարութիւնը: Համայն հայ ժողովուրդին մասնակցութեամբ հետապնդել հողային պահանջատիրութիւնը եւ Հայ Դատը:
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԶԱՐԹՕՆՔ»Ի