ՄԱՔՐՈՒՀԻ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Վերջերս Իսթանպուլի մէջ «Փարոս» հրատարակութեան կողմէ լոյս տեսաւ նախկին իսթանպուլահայ, այժմ լոսանճելըսաբնակ Գէորգ Պ. Յակոբեանի «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Եւ Կրթական Հաստատութիւններու» խորագրեալ, 800 էջերէ բաղկացեալ ստուար հատորը: Գիրքին շնորհահանդէսը կատարուեցաւ Իսթանպուլի մէջ, ընտրանի բազմութեան մը ներկայութեամբ:
Շնորհահանդէսին ընթացքին գիրքին ծանօթացումը կատարեց հեղինակին քոյրը՝ «Մարմարա» օրաթերթի փոխխմբագրապետուհի Մաքրուհի Պ. Յակոբեան, որ նախ անդրադարձաւ գիրքի հեղինակին մասին։
Գէորգ Պ. Յակոբեան օտար մը չէ: Ան երկու տասնամեակներ առաջ կը գտնուէր մեր շրջանակին մէջ ու երկար տարիներ պաշտօն ստանձնած էր համայնքիս եկեղեցական, կրթական ու մամուլի, մասնաւորաբար «Մարմարա» օրաթերթի աշխատանքներուն մէջ:
Գէորգ Պ. Յակոբեան տասը տարի հիմնադիր ներկայացուցիչի պաշտօն վարած է Գումգաբուի երբեմնի Պօղոսեան Վառվառեան վարժարանին մէջ եւ մօտէն հետեւած է կրթական հարցերուն, նաեւ կրթական նախարարութեան կամ տնօրէնութեան այդ թուականներուն յատուկ կամայական, անարդար ու անօրէն կարգադրութիւններուն, որոնք ո՛չ միայն յատուկ էին այդ վարժարանին, այլ բոլոր հայ վարժարաններուն հիմնադիր, տնօրէն, ուսուցիչ, աշակերտ ու նոյնիսկ ծնողներ կ՛ապրէին այդ արուեստական դժուարութիւնները: Աւելի վերջ այս դժուարութիւններուն վրայ աւելցան նաեւ պաշտօնազրկումները կարգ մը տնօրէններու եւ ուսուցիչներու: Ուստի, այդ թուականէն սկսեալ ծրագրած է հայ վարժարաններու կրթական եւ ուսումնական կեանքի անցեալի ու ներկայի պատմութիւնը ամփոփել հատորի մը մէջ:
Երբ ուսումնասիրելու սկսած է Օսմանեան շրջանի հայ ազգային եւ մասնաւորաբար կրթական կեանքը, տեսած է որ հոն կայ անծայրածիր դաշտ մը, որ չէ մշակուած: Նկատած է, որ անցեալին մօտաւորապէս հազար հայկական վարժարաններ գոյութիւն ունեցած են Օսմանեան սահմաններուն մէջ, 120 հազարէ աւելի աշակերտներով ու 5 հազար ուսուցիչներով:
Այս հետաքրքրութիւնը խթան հանդիսացած է իրեն, որպէսզի պատրաստէ իսթանպուլահայ կր-թական կեանքի պատմութիւնը, գաւառներու կրթական կեանքի ու վարժարաններու հսկայ աշխատանքն ալ թողելով ապագային:
Այսօր ահաւասիկ ի ձեռին ունինք «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Եւ Կրթական Հաստատութիւններու» խորագրեալ այս հատորը, որ այս բովանդակութեամբ եւ այս ծաւալով գրուած առաջին հրատարակութիւնը կը հանդիսանայ պատմութեան մէջ:
Պէտք է նկատի առնել, որ պատմութեան ամբողջ տեւողութեան, հայ համայնքը կրօնական, ազգային եւ ընկերային կեանքէ ներս միշտ զուգահեռ ընթացք ունեցած է պետութեան տրամադրութիւններուն հետ. փոխյարաբերութիւններու գծով: Այս պատճառով Իսթանպուլի հայոց ուսումնական ու կրթական կեանքի պատմութիւնը իր մէջ կը պարունակէ նաեւ պետական քաղաքական, ազգային ու կրօնական վերիվայրումներու պատմութիւնը:
Գիրքը ամփոփուած է հինգ անջատ գլուխներու ներքեւ, առանձին խորագիրներով:
Առաջին գլուխը կը կրէ «Ընդհանուր Ակնարկ Նախքան 1790 Թուականը» խորագիրը:
Այս խորագիրին տակ հեղինակը պատմական տուեալներու հիման վրայ համառօտ կերպով կ՛անդրադառնայ Իսթանպուլի հայ ժողովուրդի գաղթականութեան ազդակներուն, բիւզանդական շրջանի հայոց կեանքին, Կոստանդնուպոլսոյ առումին, Հայոց պատրիարքութեան հաստատման, հայ համայնքի կազմութեան ու նաեւ Օսմանեան հայոց մէջ կրթական շարժման սկզբնաւորութեան:
Հակիրճ տողերով տեղեկութիւններ կը փոխանցէ նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան հաստատման պարագաներու, Վենետիկի Ս. Ղազար եւ Վիեննայի Ս. Աստուածածին մենաստաններու հաստատման, անդրադառնալով դարերու ընթացքին այս զոյգ միաբանութիւններու կատարած կրօնական, ազգային, կրթական, պատմական, թարգմանչական, պատմա-բանասիրական, հրատարակչական ու այլ բնագաւառներէ ներս կատարած անուրանալի դերին: Կ՛անդրադառնայ հայ եկեղեցւոյ ծոցէն յարանուանութեանց բաժանումի տխուր պատկերին, աշխարհաբար լեզուն ստեղծելու անհրաժեշտութեան եւ այս ուղղութեամբ քրտինք հոսեցուցած երախտաւորներու գործունէութեան:
Երկրորդ բաժինը ունի «Կրթական Շարժումը Ու Զարգացումը Մինչեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Հռչակում» խորագիրը:
Այս խորագիրին տակ յատուկ տեղ տրուած է Շնորհք Մկրտիչ Ամիրայի կեանքին, հրատարակչական գործունէութեան ու մասնաւորաբար իր հաստատած անդրանիկ թաղային վարժարանին, 1790-1851 թուականներու միչեւ կատարուած կրթական առաջին գործունէութեան, թաղային առաջին կրթարաններու եւ անոնց կիրարկաց ուսման ծրագիրներու մշակման, Ուսումնական խորհուրդի կազմութեան եւ գործունէութեան, Ազգային վարժարաններու բարեկարգութեան, Ազգային Կեդրոնական եւ Ուսումնական խորհուրդին կողմէ հրատարակուած ու հրապարակուած տեղեկագիր, կանոնագրութիւն եւ համարատուութիւններու կարեւորութեան, նախնական կրթութեան հիման վրայ հաստատուած կազմական կանոնագրութեան, հայ ազգային եւ անհատական վարժարաններու հանդէպ կառավարութեան գործադրութիւններուն. Ազգային սահմանադրութեան ծագման եւ զարգացման, հայ ազգային եւ անհատական վարժարաններու հանդէպ պետութեան գործունէութիւններուն ու միջամտութիւններուն, 1908ի Օսմանեան սահմանադրութեան. 1909ի հակայեղափոխական շարժման ու Ատանայի կոտորածի տխուր պատկերին, կրթական գործի զարգացման աշխատանքներու ընթացքին պետական միջամտութիւններուն, Պալքանեան զոյք պատերազմներու խղճալի կացութեան, Առաջին Համաշխարհային պատերազմի տխուր տարիներուն, պոլսահայ ազգային, կրօնական, կրթական, ուսումնական, բարեգործական եւ ընդհանրապէս համայնքային կեանքի քայքայման, տեղահանութեան եւ ցեղասպանութեան պարագաներուն, Զաւէն պատրիարքի աքսորման պայմաններուն, զինադադարի հաստատման, որբանոցներ հաստատելու անհրաժեշտութեան, Ազգային խնամատարութեան հաստատման ու գործունէութեան, հայ որբերու ու գաղթականներու արտասահման փոխադրութեան, Անկախ Հայաստանի հռչակման ու Թուրքիոյ եւ այլ պետութիւններու կողմէ ճանաչման, վերջապէս՝ ոչնչացման եզրին նոր շրջանի մը հաստատման:
Երրորդ գլուխը կը կրէ «Թուրքիոյ Հանրապետութեան Շրջան» խորագիրը: Հեղինակը այս խորագիրին տակ, կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակման, Թուրք-հայ բարձրացման միութեան ստեղծման ու գործունէութեան, Լոզանի դաշնագիրի վաւերացման, Լոզանի միջազգային դաշնագիրի Փոքրամասնութիւններու սահմանած յատուկ իրաւունքներու գործադրութեան հիման վրայ Ազգային սահմանադրութեան սահմանափակման ու մասնակի իրականացման, թրքահայ ազգային, կրթական, ընկերային ու համայնքային կեանքի վերակազմութեան, հայ վարժարաններէն ներս հանրապետութեան շրջանին պետական ծրագիրի պարտադրաբար կիրարկման, հայոց պատրիարքներու յաջորդական ընտրութեանց պարագաներուն, Ուսումնական խորհուրդի եւ Ազգային վարչութեան, ու այլ խորհուրդներու ջնջման, հայերէն դասագիրքերու պատրաստութեան, ուսուցիչներու դասաւանդութեան վաւերացման, մասնաւոր վարժարաններու յատուկ յաջորդական օրէնքներու կիրարկութեան, քաղաքական պայմաններու բերմամբ հայ վարժարաններու, մասնաւորաբար գաւառէն Պոլիս գաղթող աշակերտներու արձանագրութեան նկատմամբ ստեղծուած դժուարութեանց, պատմութեան ընթացքին ուսուցչաց միութիւններ ստեղծելու անհրաժեշտութեան շարժումին, այժմու Ուսուցչաց միութեան եւ հիմնարկի հաստատման, աշակերտներու ամառնային արձակուրդի համար կազդուրման կայաններու հաստատման եւ գործունէութեան ու նաեւ պատմութեան ընթացքին Հայ մարմնակրթութեան միութեան հաստատման, վարժարաններէն ներս այս մարզին տրուած կարեւորութեան, թաղային ակումբներու հաստատման ու ողիմպիական խաղերու հրապարակային իրագործման:
Չորրորդ բաժինը կը կրէ «Կրթական Հաստատութիւններ՝ Որոնք Գոյութիւն Ունեցան Կամ Ունին Երկու Դարերու Ընթացքին» խորագիրը:
Այս խորագիրին ներքեւ չորս ենթախորագիրներու տակ կը տրուին բացատրութիւններ Իսթանպուլի մէջ հաստատուած բոլոր վարժարաններուն մասին.
Ա.- Հայ Ազգային վարժարաններ,
Բ.- Հայ Կաթոլիկ վարժարաններ,
Գ.- Հայ Աւետարանական վարժարան, եւ
Դ.- Անհատական վարժարաններ:
Այսպէս՝ տեղեկութիւններ կը տրուին մօտաւորապէս 171 վարժարաններու մասին, որոնք երկու դարերու մէջ գոյութիւն ունեցած են Իսթանպուլի մէջ: Ուսումնասիրութեան նիւթ դարձած են վարժարաններու հաստատման պայմանները, կրթական ծրագիրի կիրարկութիւնները, դասաւանդութեան եղանակները: Շեշտը դրուած է այն իրողութեան վրայ, որ ներկային այդ 171 վարժարաններէն միայն 16 հատը կրցած է պահել իր գոյութիւնը, հազիւ 3000 երկսեռ աշակերտներով:
Այս բաժինին մէջ հեղինակը տեղ տուած է նաեւ Իսթանպուլի մէջ պաշտօնապէս հաստատուած կարի ու ձեւագիտութեան դասընթացք կամ լսարաններու, որոնք համախմբած են իգական սեռի հայ եւ օտար ներկայացուցիչները, անոնց փոխանցելով ձեռային աշխատանքներու նրբութիւնները, նաեւ ապահովելով, որ անոնք ի ձեռին ունենան Կրթական տնօրէնութենէն վաւերացուած վկայականներ:
Գիրքը աւարտին կը հասնի հինգերորդ բաժինով: Այս բաժինին մէջ կը ներկայացուի 1902, 1904, 1905, 1929, թուականներու Իսթանպուլի հայ վարժարաններու աշակերտներու վիճակացոյցը: Ասոր առընթեր, հինին հետ բաղդատական մը ընելու նպատակով, կը ներկայացուին 1961-2014 թուականներու ցուցակները:
Այս բաժինին մէջ տեղ գրաւած են նաեւ վարժարաններու ընդհանուր ցանկերը, նաեւ գործօն վարժարաններու անունները, անոնց հիմնադիր եւ տնօրէններու անուանացանկերը:
Որպէս վերջաբան պէտք է շեշտել, որ այս գիրքը արդիւնք է հեղինակի 10 տարուան հետեւողական եւ սպառիչ աշխատանքին:
Գիրքը, որ կը բաղկանայ 800 էջերէ, հեղինակի կողմէ նուիրուած է մեր պաշտելի հօր՝ Վահան Պ. Յակոբեանի անմոռաց յիշատակին:
Գիրքին յառաջաբանը գրի առնուած է «Մարմարա»ի խմբագրապետ, գրագէտ եւ հրապարակագիր Ռ. Հատտէճեանի կողմէ.
Երախտագիտական Տուրք Մը, Որ Կը Վճարուի Մեր Կրթական Կեանքի Անցեալին Ու Ներկային
Հայ ժողովուրդը, իր հայրենի հողերէն մինչեւ գաղթականութեան ամէնէն հեռաւոր անկիւնները, գլխաւոր նպատակ նկատեց ապրեցնել իր երկու սրբութիւնները, որոնցմէ մէկն է եկեղեցին, միւսը՝ դպրոցը: Ուր որ ապրեցաւ հայ մարդը, եթէ կը պահէր հայու իր իրաւ ինքնութիւնը, իր շուրջը ուզեց տեսնել նախ իր եկեղեցին, ապա իր դպրոցը: Բայց անտարակոյս եկեղեցական ու կրթական կեանքի այս երկու հաստատութիւնները իրենց ամէնէն բախտորոշ դերը կը կատարէին թրքահայուն կեանքէն ներս եւ այս ընդհանուր պատմութեան մէջ իր շատ կարեւոր տեղը կ՛ունենար Իսթանպուլը, մեր պատմական Պոլիսը: Անոնք որ քիչ մը գաղափար ունին մեր կրթական հաստատութիւններու անցեալին ու ներկային մասին, գիտեն որ ատենօք հայ հասարակութիւնը որքան հարուստ էր իր դպրոցներով, ոմանք երկարատեւ ու գագաթնային դերակատարութեամբ, ոմանք կարճատեւ եւ խոնարհ նուիրումով:
Բայց մայր բնութեան օրէնքն է: Ինչ որ կը վերջանայ, անմիջապէս կը մոռցուի: Իսթանպուլահայութիւնը այսօր ունի սահմանափակ թիւով դպրոց, եւ թերեւս անոնք իսկ այսօրուան տխուր պայմաններուն մէջ շատ գալու սկսած են: Այսպիսի ի՜նչ դպրոցներ ունէինք ո՛չ թէ միայն հեռաւոր, այլ նոյնիսկ մօտաւոր անցեալին մէջ, դպրոցներ, որոնք գոցուեցան ու… մոռցուեցան:
Գէորգ Պ. Յակոբեան այս ստուար հատորը պատրաստելով ինքնաբերաբար ստանձներ է մոռցուածները մեզի յիշեցնելու ու զանոնք պատմութեան փոխանցելու ազնիւ պարտականութիւնը: Պատմագէտ մը չէ ան բառին իսկական իմաստով, սիրող մը, կրթական հարցի կարեւորութիւնը ըմբռնած ազգային մը, որ հետաքրքրուեր է մեր կրթական հաստատութիւններու ու մեր կրթական կեանքի ամբողջ պատմութեամբը ու իրականացուցեր է այն, ինչ որ արհեստավարժ պատմագէտի մը համար իսկ դիւրին չէր: Կրթական պատմութեան ովկիան մը կայ այս հատորին էջերուն մէջ, հիներէն մինչեւ մեր օրերը հասնող: Հեղինակը մեզ կը տանի մեր կրթական ինքնութեան մինչեւ սկզբնական օրերը եւ հոնկէ է որ մեզ ճամբայ կը հանէ դէպի մեր կրթական կեանքի այսօրուան համայնապատկերը: Կոստանդնուպոլիսէն մինչեւ մեր այսօրուան Իսթանպուլը, կրթական կեանքի այս պատմութիւնը անխուսափելիօրէն կը դառնայ նաեւ հայ ժողովուրդի ազգային պատմութիւնը, իր ապրած գաղթականութեամբ, իր կրած հայկական ինքնութեան կորուստներով, ազգապահպանման ուղիին վրայ իր ապրած չարչարանքներով, անհամար հայ ուսուցիչներու ազնիւ զոհաբերութիւններով:
Գէորգ Պ. Յակոբեան զարմանալիօրէն հարուստ տուեալներ կը ներկայացնէ այս գիրքին մէջ եւ այս կերպով ան շատ օգտակար տեղեկութիւններու աղբիւր մը կը դնէ մեր ապագայ ուսումնասիրողներու սեղաններուն վրայ: Ամբողջական այս պատմութեան մէջ անկասկած իր բացառիկ կարեւորութիւնն ու շահեկանութիւնը ունի այն բաժինը, ուր հեղինակը կը խօսի Թուրքիոյ Հանրապետութեան շրջանի մեր ուսումնական կեանքին մասին, ժամանակաշրջան, զոր ապրեցանք ու այսօր ալ կ՛ապրինք: Կրթական մեր հաստատութիւնները այսօր ալ մեր մտահոգութիւններուն կիզակէտը կը կազմեն, ու մենք շարունակ կը նայինք դէպի ապագայ, շուտով մոռնալով անցեալը, մոռնալով նաեւ որ մենք յաճախ պէտք է նայինք դէպի անցեալ, որպէսզի մեր կրթական կեանքի պատմութեան մէջէն տեսնենք ու յիշենք այն պայծառ ու երախտաշատ դէմքերը, որոնք իրենց թանկագին կեանքը ծառայեցուցին մեր սերունդները հայ կրթութեան օճախին մէջ պահելու ու զանոնք հայեցի դաստիարակութեան առողջ մթնոլորտով խանդավառելու նպատակին: Հեղինակը անո՛նց ալ երախտագիտութեան տուրք կը վճարէ այս հատորով:
Շնորհակալ ենք Գէորգ Պ. Յակոբեանին, որ ըմբռներ է մեր դպրոցներուն պատմութիւնը անմահացնելու կարեւորութիւնը ու այդ պատմութիւնը հրամցուցեր է մեզի, սպասելով անշուշտ որ դասեր քաղենք այդ պատմութենէն ու աւելի հաստատ կամքով ապրեցնենք մեր կրթական արժէքաւոր հաստատութիւնները:
***
Գիրքին խմբագրութիւնն ու սրբագրութիւնը կատարուած է Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի կողմէ:
Հատորին հրատարակութիւնը իրականացած է «Փարոս» ամսագրի ժրաջան խմբագրապետ Մայտա Սարիսի գլխաւորութեամբ, խմբագրական կազմի բծախնդիր աշխատանքին շնորհիւ:
Գիրքին մեկենասը հանդիսացած է Պոլսոյ Օրթագիւղ թաղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդը:
Կրթասէր եւ ուսումնասէր հասարակութեան կը յայտնենք, թէ այս կարեւոր հրատարակութիւնը մօտ օրէն Ամերիկայի մէջ եւս հրապարակ պիտի ելլէ:
***
ԳԷՈՐԳ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Ծնած է 1947ին, Պոլիս, Նառլըգաբու թաղը: Նախակրթութիւնը ստացած է Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն եւ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարաններուն մէջ: Փոքր տարիքէն մաս կազմած ու պաշտօններ վարած է համայնքային հաստատութիւններէն ներս: 1961-1978 թուականներուն միջեւ եղած է Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ Դպրաց դասու անդամ, ապա ատենադպիր, 1962-64ին Նառլըգաբուի եկեղեցւոյ Վերաշինութեան յանձնախումբի ատենադպիր ու գործօն անդամ, 1974-78ին Թաղային խորհուրդի ատենադպիր, 1972-1982ին Գումգաբուի Դր-սի Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանի պատասխանատու հիմնադիր: 1977-1982 տարիներուն, յիշեալ վարժարանին տարեկան եկամուտ ապահովելու ու մշակութային ձեռնարկ մը կատարած ըլլալու առաջադրութեամբ, հրատարակած է «Կաղանդչէք» պատի օրացոյցները: 1980-93 թուականներուն մաս կազմած է «Մարմարա» օրաթերթի ընտանիքին: 1985ին կազմած ու հրատարակած է «Երգարան» մը, 184 էջերէ բաղկացեալ: 1986ին խմբ-ագրած է Պոլսոյ Ազգային պատրիարքարանի կողմէ հրատարակուած «Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան», «Յովհաննէս Պատ-ուելի Չամուրճեան» յուշամատեանները եւ «Կեսարիա եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի» հատորը: 1987-1989 թուականներուն խմբագրած է պատրիարքարանի կողմէ հրատարակուած օրացոյցները, 1990-1994ին հրատարակած է «Համայնքային Օրացոյց»ները, որոնց մէջ տեղ տուած է նաեւ համայնքային հաստատութիւններու լայնածաւալ տեղեկութիւններուն:
Եղած է երանաշնորհ Շնորհք պատրիարքի ամենամտերիմ անձերէն մէկը եւ պատրիարք հօր հետ քանիցս պատիւն ունեցած է շրջագայելու Միջին Անատոլու ու Պատմական Հայաստան: Մեծ աշխատանք տարած է Շնորհք պատրիարքի գահակալութեան 25ամեակի հանդիսութեանց իրագործման, մաս կազմելով Կարգադիր յանձնախումբին: Աշխատակցութիւն բերած է 1987ին «Մարմարա»ի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի խմբագրութեամբ, Կարգադիր յանձնախումբի կողմէ հրատարակուած «Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան՝ Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ» հատորին: «Մարմարա» օրաթերթի ընտանիքին մաս կազմած տարիներուն հրատարակուած են իր յօդուածաշարքերը աւերեալ վանքերու, եկեղեցիներու, պատմական յուշարձաններու ու յիշարժան եղելութիւններու մասին:
7 Դեկտեմբեր 1988ի Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժին առթիւ, 1989 Յունուար 8ին, թրքահայութեան կողմէ աղիտեալներու օգնութիւնը Ս. Էջմիածին յանձնելու պարտականութիւնը ստանձնած երկու պատուիրակներէն մին հանդիսացած է: Այդ օրերուն, մաս կազմելով Վազգէն Ա. կաթողիկոսի շքախումբին, ականատեսը եղած է աղիտեալ վայրերու տխուր պատկերին ու Պոլիս վերադարձին «Մարմարա»ին մէջ հրատարակած է իր յուշերը: Բազմաթիւ հարցազրոյցներ վարած է զանազան պաշտօններ ունեցող ականաւոր անձնաւորութեանց հետ: Իր այս հարցազրոյցներէն շատեր արտատպուած են արտասահմանեան ու հայաստանեան մամուլին մէջ:
1989ին, Շնորհք պատրիարքին կողմէ դէպի գաւառահայութիւն տրուած վերջին այցելութեան, շքախումբին մաս կազմելով, ձայնագրած, լուսանկարած ու կենդանի վկան հանդիսացած է պատմական եղելութիւններու: Այս այցելութեան ընթացքին Շնորհք պատրիարք իր տարիներու երազը իրականացնելով, այցելած է իր ծննդավայրը՝ Եօզկատ, Իյտէլի, թարմացուցած է իր մանկութեան դառն յիշատակները, նստած է իր մեծ հօր ու հօրեղբայրներուն կողմէ կառուցուած երբեմնի «Պարթեւեան» վարժարանի նստարաններուն վրայ, ապրելով հոգեխռով պահեր:
Հոգելոյս Շնորհք պատրիարքի վախճանման Ա. տարելիցին առթիւ, անձնական ջանքերով հրատարակած է «Շնորհք Պատրիարքի Վերջին Հինգ Տարիները» խորագրեալ ստուար հատորը: Այս հատորով ամբողջացած կ՛ըլլայ Շնորհք պատրիարքի կենսագրութիւնը:
Գէորգ Պ. Յակոբեան 1997ին ընտանեօք գաղթած է Ամերիկա՝ Լոս Անճելըս: Այս հեռաւոր երդիքին տակ ան մինչեւ այսօր կ՛ուսումնասիրէ Թուրքիոյ վարչապետարանի Օսմանեան ու Հանրապետական արխիւները: Օսմանեան արխիւներէն հաւաքած է հազարէ աւելի անտիպ նիւթեր՝ Հայոց տեղահանութեան, հայ որբերու, բռնի կրօնափոխ եղած հայերու, բռնագրաւուած ազգային ու անհատական կալուածներու, պետական գաղտնի հրահանգներու եւ այլնի մասին, որոնց դասաւորումը կը կատարէ ներկայիս:
«Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Եւ Կրթական Հաստատութիւններու» խորագրեալ այս ստուար հատորը հեղինակի երկար տարիներու հետեւողական աշխատանքին եւ անխոնջ պրպտումներուն արգասիքը կը հանդիսանայ: Գէորգ Պ. Յակոբեան իր այս աշխատութեան մէջ ո՛չ միայն իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքի պատմութիւնը կ՛ուսումնասիրէ, այլ նաեւ մանրամասն տեղեկութիւններ կը փոխանցէ Պոլսոյ երբեմնի ու նաեւ ներկայի հայկական ազգային ու անհատական շուրջ 170 վարժարաններու մասին: Գիրքը կը պարունակէ հազուագիւտ լուսանկարներու հաւաքածոյ մը:
– Գէորգ Պ. Յակոբեան ամուսնացած է, ունի աղջիկ ու մանչ երկու զաւակներ եւ երեք թոռներ: