Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, թէ թշնամին յաջողած է գրաւել Քուպաթլուն եւ որոշ ուղղութիւններով կը յառաջանայ:
« Վաղը մենք քարտէսի վրայ աւելի յստակ ցոյց կու տանք այդ տարածքները».նշեց Յովհաննիսեան:
« Այսօր ողջ օրուան ընթացքին հրոսակախումբերը չյաջողեցան ճեղքել ռազմաճակատը: Հակառակ որ կարգ մը տեղերու յաջողութիւն ունեցան, մեր ստորաբաժանումները յաջողցեան հակայարձակումի միջոցով ետ վերցնել: Նոյն ժամանակին Հատրութէն հիւսիս գտնուող գիւղերու, անտառներու հատուածին մէջ չէզոքացուցինք թափանցելու փորձ կատարող խմբաւորումները: Ոմանք նոյնիսկ իրենց ռազմամեքենաները ձգելով փախուստ տուին». ըսաւ Յովհաննիսեան:
Ան նշեց, է բախումները կը շարունակուին Շեխեր, Ճիւանի, Ազոխ եւ յարակից գիւղերուն մէջ:
«Այո’ թշնամին որոշ տեղերու մէջ ունեցաւ յաջողութիւն, այո’ անոնք մօտեցան Սիւնիքի դարպասներուն, բայց իրավիճակը ծայրայեղ չէ: Ես կը հաւատամ հայ զինուորի բազուկին, հայ զինուորի խելքին, հմտութեանը, տոկունութեանը: Հայ զինուորը այսօր ալ, երէկ ալ նոյնիսկ եթէ ինչ որ տեղ նահանջած է, շատ տեղերու մէջ փախուստի մատնած է աշխարհի յառաջատար բանակներու յատուկ ջոկատներուն եւ այս կը կրկնուի գրեթէ ամէն օր». յայտարարեց Յովհաննիսեան:
Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ յայտարարեց, թէ Մ. Նահանգներէն արձագանգ կը սպասէ զինադադարը Ազրպէճանի կողմէ խախտուելուն վերաբերալ:
Այսօր երեքշաբթի առաւօտեան, Արցախի սահմանագիծի երկարութեամբ ծանր բախումներ տեղի կ’ունեան Արցախի պաշտպանութեան բանակին եւ ազերի հրոսախումբերուն միջեւ: