Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, թէ Արցախի հարաւային սահմանագիծին ուղղութեամբ ծանր բախումներ տեղի կ’ունենան այս պահուն:
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Յովհաննիսեան ըսաւ.« Առաւօտեան ժամերէն Ազրպէյճանի զինուած ուժերը Արցախի հիւսիսային եւ հարաւային սահմանագիծերու ուղղութեամբ վերսկսան յարձակողական գործողութիւններու:
Հայկական կողմը, ոչնչացուց թշնամիի զգալի թիւով զինուորներ, զրահապատ մեքենաներ եւ այլ միջոցներ: Թշնամին շպրտուեցաւ սահմանագիծէն: Այս պահուն դարձեալ յամառ բախումներ տեղի կ’ունենան, յատկապէս հարաւային սահմանագիծին ուղղութեամբ». յայտնեց Յովհաննիսեան: