Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ-ՊԱՅՔԱՐ 244
Արմենակ Գրիգոր Եկարեան ծնած է Վան, 1870-ին: 1888-ին Արմենական կուսակցութեան կ՛անդամակցի: 1896-ի հայկական կոտորածներու ժամանակ կազմակերպութիւնը զայն կը ղրկէ Ուրմիա, զէնք հայթայթելու հայ կռուողներուն: Սակայն ան Ուրմիոյ մէջ կը ձերբակալուի: Երբ բանտէն կ՛ազատի իր շուրջ կը հաւաքէ 40 հայ մարտիկներ եւ Վան կը վերադառնայ երիտթրքական յեղաշրջումէն ետք: Ան զոհուած ազատամարտիկ Աւետիս Մկրտիչեանի տեղ կը նշանակուի զինեալ մարտիկներու ղեկավար: 1915-ին Վանի ինքնապաշտպանութեան ղեկավարներէն մէկը կը դառնայ https://hy.wikipedia.org/wiki/%D4: Շատ մը իրատես հայերու նման, Արմենակ Եկարեանն ալ չի հաւատար 1908-ի Իթթիհատական ուժերու յեղափոխութեան խոստումներուն եւ Վան վերադառնալով կը շարունակէ զինուելու գործը: Այս քայլին արդիւնքը Վանի ժողովուրդը քաղեց որոշ ժամանակ ետք՝ 1915-ին սկսած Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն:
Արմենակ Եկարեան հայկական ջարդերու ծաւալումէն բարկացած կ՛անդամակցի Ռամկավար կուսակցութեան եւ անոր հրահանգով 1916-ին կ՛անցնի Կիլիկիա: Հոն կատարուելիք կարեւոր գործ մը կար: Ան զօրավար Անդրանիկի հետ պիտի կազմակերպէր անկախ Կիլիկիոյ զինուորական ոյժերը: Սակայն Ֆրանսա հակառակ կենալով այս ծրագիրին՝ արգելք կը հանդիսանայ, արգիլելով զօրավար Անդրանիկի մուտքը Կիլիկիա: Արմենակ Եկարեան այս իրողութենէն յուսախափ 1921-ին կ՛անցնի Եգիպտոս, ուր Գահիրէի մէջ 1925-ին կը մահանայ:
Ազգային գործիչ, գրող եւ խմբագիր Լեւոն Աճէմեան Գահիրէի մէջ 1922-ին Արմենակ Եկարեանին խորհուրդ տուած է պատմութեան համար գրի առնել իր յուշերը: Եկարեան սկիզբը մերժած է, սակայն աւելի ուշ տեղի տալով Լեւոն Աճէմեանի հետեւողական թախանձանքներուն եւ պնդումներուն, համաձայնած է: Վերջինս գիրքը խմբագրած եւ հրատարակութեան պատրաստած է «Յուշեր Արմենակ Եկարեանի» վերնագրով, որ հրատարակուած է իբրեւ Հայ Ազգային Հիմնադրամի թիւ 5 հրատարակութիւն (տպարան «Նոր Աստղ» (The New Star Press), Գահիրէ, 1947, 307 էջ:
Գիրքին յառաջաբանին մէջ խմբագիր Լեւոն Աճէմեան ուշագրաւ իրականութիւն մը կը պարզէ երբ կ’ըսէ. «Չխօսելու, թշնամիին նիւթ չհայթայթելու Արմենական կուսակցութեան այս սովորութիւնը աւանդութիւն դարձաւ կարծես նաեւ Սահմանադրական Ռամկավար, ապա Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան համար, եւ այս պատճառաւ է որ այդ կազմակերպութիւններէն եւս, իբր կուսակցական գրականութիւն, շատ բան չկայ հրապարակի վրայ: Գո՛րծ եւ ոչ թէ խօսք. — այս կը թուի ըլլալ կարգախօսը այդ կազմակերպութեանց, սկսեալ հին օրերէն մինչեւ այսօր»:
1870-1871-ի ֆրանս-բրուսիական պատերազմին Ֆրանսայի պարտութիւնը պատճառ դարձած էր, որ Արեւելքի քրիստոնեաները եւ մանաւանդ հայերը Ֆրանսայի զօրաւոր պաշտպանութիւնը կորսնցնեն ու առանձին մնան Օսմանեան Պետութեան դիմաց, որ Բրուսիոյ սերտ բարեկամութիւնը կը վայելէր: Բրուսիա Օսմանեան Պետութեան հետ իր կապերն ու բարեկամութիւնը ուրիշ հարցերէ վեր կը դասէր եւ այդ ուղղութեամբ ոչ մէկ զիջողական կեցուածք կը ցուցաբերէր եւ հայոց հանդէպ բացարձակապէս բարի տրամադրութիւն չունէր, կ’ըսէ հեղինակը՝ Արմենակ Եկարեան:
Վան քաղաքի ամբողջ շուկան հրոյ ճարակ դարձուցած 1876-ի հրդեհին մասին Արմենակ Եկարեան իր յուշերուն մէջ կ՛ըսէ, թէ այդ օրերուն տակաւ առ տակաւ հաստատուած էր, որ հրդեհը պատահականութեան արդիւնք չէր, այլ կառավարութեան ծրագրած եւ գործադրած նենգ արարք մը, որ հայոց գլխուն աղէտ բերած էր: Թուրքերուն նպատակը «փճացնել էր հայ տարրին բարգաւաճ կեանքը», կ’աւելցնէ ան: Կրակներէն կարելի չէր եղած փրկել հայ առեւտրականներուն վաճառատուներու երկաթէ արկղերուն մէջ պահուած հնչուն ոսկիները:
Արմենակ Եկարեան 1877-1878-ի ռուս-թրքական պատերազմին եւ հայոց վրայ անոր գործած ազդեցութեան վերաբերեալ կ՛ըսէ, թէ 1877-ի Ապրիլին «մեզի վերադարձած յոյսերը չէին մարած, ընդհակառակն, օրէ օր աւելի կ’արմատանային, տեղ կը գտնէին բոլորիս սիրտերուն մէջ, որովհետեւ ռուսական բանակը շանթահարիչ արագութեամբ կը յառաջանար, հակառակ շէյխ Ճալալէտտինի եւ շէյխ Իպատուլլահի (ճիշդը` Ուպէյտուլլահ – Յ. Ի.) ի գործ դրած նախճիրներուն»: Ան կ’աւելցնէ. «Երկար ժամանակ էր որ վասպուրականցին կ’երազէր քրիստոնեայ պետութեան մը ձեռքին տակ ազատ շունչ քաշել, ու հիմա ան վերջնականապէս համոզուած էր, թէ հասած էր արդէն իր իտէալին: Պատերազմի վախճանն ու Սան Սթեֆանոյի դաշինքը չյուսահատեցուցին զինք»:
Հեղինակը մեծ բարեբախտութիւն կը սեպէ այդ օրերուն Խրիմեան Հայրիկի ներկայութիւնն ու գործունէութիւնը Վանի մէջ: Արդարեւ Հայրիկը սովի օրերուն կը փութայ կազմակերպել օգնութեան աշխատանքներ եւ ինք անձամբ կը հսկէ աղէտեալներուն նպաստ եւ դեղօրայք հասցնելու գործին, որոնց աշխոյժ մասնակցութիւն կ՛ունենայ Արմենակ Եկարեան:
1879-1880-ին ժողովուրդը հաց չունէր, սաստիկ սով կը տիրէր Վասպուրականի մէջ: Կառավարութիւնը չէր կրնար, չէր ալ ուզեր բնակչութեան, մանաւանդ հայոց սնունդ հայթայթել: Խրիմեան Հայրիկ անմիջապէս կը դիմէ աշխարհասփիւռ հայութեան որպէսզի հասնին Վասպուրականի իրենց ազգակիցներու օգնութեան: Ան Կոստանդնուպոլսոյ մէջ կը հիմնէ «Սովելոց Յանձնախումբ»ը, որ յանձն կ՛առնէ բոլոր նուիրատուութիւնները ստանալու եւ զանոնք Վան ղրկելու պարտաւորութիւնը: Նուիրատուներուն համար` Խրիմեան Հայրիկի բարի համբաւը ամուր երաշխիք էր թէ դրամները պիտի չվատնուէին: Ան օգնութիւն կը հասցնէ բոլորին` առանց խտրութեան: Դաշնակցական գործիչ Խաչատուր Մալումեան (Է. Ակնունի) այս մասին կը վկայէ. «Խրիմեանի մարդասիրական լայն ոգին ուրիշ կերպ էր դատում.- նա օգնում էր տառապեալներին, սովատանջներին, կարօտեալներին՝ առանց նայելու, թէ ի’նչ ազգի կամ ի’նչ կրօնի են պատկանում նրանք»։ Հայերէն ոմանք կ’ընդվզէին տեսնելով, թէ Հայրիկը ազգութիւններու կամ կրօններու միջեւ խտրութիւն չէր դներ:
Վանի մէջ ազգային արթնութեան շարժումի մղիչ ուժը եղող երիտասարդութիւնը զարկ կու տայ թաղային դպրոցներու բարօրութեան եւ չափահասներու կիրակնօրեայ դպրոցներու զարգացման ու տարածման: Հին օրերու թրքավայել, զուարճամոլ ու կռուասէր հասարակութիւնը հետզհետէ կ’անհետանայ: Անուս չափահասներ կը սկսին կիրակնօրեայ դպրոցներ յաճախել նորութիւններ լսելու եւ սորվելու համար: Զարգանալու անյագ փափաքէ մղուած` երիտասարդները կը մոռնան թրքական, խաւարամած եւ վնասակար սովորութիւնները: Այդ կիրակնօրեայ դպրոցները հիմնած էր Մկրտիչ Փորթուգալեան: Անոր մեկնումէն ետք այդ գործը յանձն առած էին անոր աշակերտներէն Մկրտիչ Աւետիսեանը, Միքայէլ Նաթանեանն ու Գրիգոր Շիկահերը (Պէօզիկեան): Արմենակ Եկարեան կիրակնօրեայ դպրոցներու դրական դերին եւ բարերար արդիւնքին մասին կը վկայէ. «Հին օրերու թանձրացած խաւարը տեղի կու տար լուսապայծառ օրուան մը առջեւ»:
Շնորհիւ իր արթնութեան եւ վստահելի ղեկավարներուն Վանի հայութիւնը սթափած էր երկար թմբիրէ եւ սկսած էր պատրաստուիլ օսմանեան իշխանութիւններու ճնշումին դիմադրելու: Սակայն այս գործը հեշտ չէր ընթանար, որովհետեւ Պօղոսեան կոչուածները, Պօղոս վարդապետի գլխաւորութեամբ, հայ պէյերու ու աղաներու տգէտ շրջանակին օրհնութեամբ, նաեւ օսմանեան իշխանութեան հովանաւորութեամբ, հինն ու փտածը կը փորձէին դրական ներկայացնել: Հակա Պօղոսեանները կազմուած էին հայ երիտասարդներէ ու կը գործէին Խրիմեան Հայրիկի, Կարապետ Նաթանեանի եւ Մկրտիչ Փորթուգալեանի առաջնորդութեամբ:
Վանի հայ երիտասարդութեան մէջ զարթնումի շարժումը օրէ օր կը տարածուէր ու կը զարգանար: Ամենուրէք կը հնչէին Գամառ-Գաթիպայի գրած հայրենասիրական երգերը: Ընթերցասիրութիւնը, իր կարգին, զօրաւոր թափ առած էր: Րաֆֆիի եւ Ծերենցի` ազգային զգացումները բորբոքող վէպերը քնացած հոգիները կ’արթնցնէին: Բազմաթիւ բարենպատակ միութիւններ կը կազմուէին: Խրիմեան Հայրիկ իր երկու աշակերտներուն՝ Գարեգին Վրդ. Սրուանձտեանցի եւ Տիգրան Ամիրճանեանի հետ կը հրատարակէր «Արծուի Վասպուրականի» թերթը, որ առաջին հայկական թերթն էր մայրենի հողի վրայ լոյս տեսնող, իսկ Մկրտիչ Փորթուգալեան Վարագայ վանքին մէջ տպարան մը կը բանեցնէր:
Այս իրավիճակը բնականաբար կառավարութեան աչքէն չէր վրիպեր եւ հայերը սաստիկ հալածանքի կ՛ենթարկուէին: Խրիմեան Հայրիկ Կ. Պոլիս աքսորուեցաւ, իսկ Փորթուգալեան բարեկամներու օգնութեամբ փախուստ տալով Ֆրանսա, Մարսէյլ հասաւ, ուր հիմնեց հայերէն առաջին յեղափոխական թերթը` «Արմենիա»-ն: Մկրտիչ Աւետիսեան Կ. Պոլսոյ մէջ ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ Լիպիա, Տրիպոլիս, ուրկէ յաջողեցաւ ֆրանսական նաւով մը փախուստ տալ ու հասնիլ Մարսէյլ: Ան աշխատակցեցաւ «Արմենիա»ին, ապա Լոնտոն մեկնելով հաստատեց «Հայրենասիրական» թերթը: Մկրտիչ Աւետիսեան շրջեցաւ գրեթէ ամբողջ Եւրոպան ու մեծ աշխատանք տարաւ հայ երիտասարդութեան զարթնումին համար:
Արմենակ Եկարեանի խումբը այդ օրերուն ամենէն յաջողակ խումբն էր: Ամէն ոք անկէ կը սորվէր հայրենասիրութիւն, կարգապահութիւն եւ գաղտնապահութիւն: Ուստի Արմենական Գարեգին Բաղէշցեան եւ ընկերները կ’որոշեն Եկարեանը Պարսկաստան ղրկել` զէնք բերելու առաքելութեամբ:
24 Մարտ 1889-ին Արմենակ Եկարեան եւ Տիգրան Մահէլեան ճամբու ընթացքին իրենց պշտպանութեան համար հանդերձներուն տակ պահած սուրերով եւ նոր տիպի ատրճանակներով զինուած` ճամբայ կ’ելլեն դէպի պարսկական սահման: Քանի մը օրէն կը հասնին Սալմաստ գաւառակի սահմանակից Ս. Բարթողիմէոսի վանքը, ուր քոլերայի համաճարակի պատճառաւ թուրք ոստիկան-զինուորները խիստ խուզարկութիւն կ’ընէին: Կարծելով թէ երկու հայ երիտասարդները Պարսկաստանէն եկած են, թուրքերը զանոնք կը խուզարկեն, անոնց կրած զէնքերը կը յայտնաբերեն, ձեռնաշղթայ հագցնելով Պաշ-Գալէի վրայով Վան կը ղրկեն ու կը բանտարկեն: Արմենակ Եկարեան այս ուղեւորութենէն անմիջապէս առաջ խոհեմութիւնը ունեցած էր իր ընկերներուն յանձնած գաղտնի նամակները փճացնելու: Մէկ ու կէս ամիս Վանի բանտը մնալէ յետոյ, Կարապետ Նաթանեանի միջնորդութեամբ ու ջանքերով անոնք ազատ կ’արձակուին:
Արմենակ Եկարեանն ու ընկերները իրենց ազգային-յեղափոխական գործունէութիւնը կը շարունակեն: Անոնք կը յաջողին որոշ չափով զէնք ապահովել ինքնապաշտպանութեան համար եւ Վանի հայոց մեծապէս օգտակար դառնալ 1894-1896-ի ապտիւլհամիտեան կոտորածներու ընթացքին եւ անկէ ետք ալ:
Արմենակ Եկարեանի գործին արժեւորումը դժբախտաբար բաւարար չափով չէ եղած ցարդ: Անոր յիշետակը ոգեկոչելու համար ջանք չէ թափուած: Իբրեւ պարտաճանաչ հայեր պէտք է բարձր գնահատենք անոր ազգանուէր գործունէութիւնը որպէսզի ապագայ սերունդը այդ ուղղութեամբ դաստիարակուի: