ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը կը ծրագրէ գալիք 2013 եւ 2014 թուականներուն ստեղծել «Արտաշատ» եւ «Դուին» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարաններ: Այս մասին՝ ըստ «Արմենփրես»-ին՝ ըսած է մշակոյթի նախարարութեան պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութեան տնօրէն Վլատիմիր Պօղոսեան: «Պպատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի ենթակայութեան տակ են «Գառնի», «Զուարթնոց», «Զօրաց քարեր» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանները, «Մեծամօր» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանը, «Գոշավանք» պատմաճարտարապետական արգելոցը, Գլաձորի համալսարանի պատմաճարտարապետական արգելոց-թանգարանը, «Լոռի բերդ» բնակատեղի-արգելոցը:
«Զօրաց քարեր»-ը եւ «Լոռի բերդ»-ը վերջին տարիներուն մշակութային հենքի վրայ ստեղծուած արգելոց-թանգարաններն են, եւ այս քաղաքականութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ: «Հայեցակարգերն արդէն դրուած են շրջանառութեան մէջ, բնականաբար շահագրգիռ կազմակերպութիւնները քննարկում են սա եւ շուտով կը ներկայացնեն նաեւ իրենց տեսակէտերը»,- ըսաւ Պօղոսեան: Ան նշած է, որ պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն ՊՈԱԿ-ը նաեւ մշակած է ընդհանրապէս Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պատմամշակութային արգելոցներու եւ արգելոց-թանգարաններու զարգացման հայեցակարգ եւ այդ ծիրէն ներս Ռուսաստանի Դաշնութեան Ժառանգութիւն հիմնարկին հետ հինգ տարուան համատեղ ծրագիր ունի: