Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատի, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամներուն:
Նիստէն ետք Ալամէ յայտնեց, որ յանձնախումբը աւարտեց Մտաւոր սեփականութեան իրաւունքի համաձայնագիրին միանալու կարելիութեան անդրադարձող օրինագիծի քննարկումը եւ վաւերացուց այդ իմաստով համաձայնագիրներու ստորագրութիւնը: Ալամէ հաստատեց, որ Մտաւոր սեփականութեան իրաւունքի համաձայնագիրին միանալը կարելիութիւն կու տայ ապահովելու գործիքներ, սարքեր եւ այլն հնարած գիւտարարներու մտաւոր սեփականութեան իրաւունքը:
Ալամէ նշեց, որ պէտք է քաջալերել, որ այս համաձայնագիրին մաս կազմեն ստեղծագործող ու հնարող հեղինակները եւ իրենց իրաւունքը պաշտպանելով ինքնաբերաբար նպաստեն Լիբանանի տնտեսութեան եւ անոր հաստատութիւններուն:
Ալամէ նկատել տուաւ, որ յանձնախումբին քննարկած երկրորդ օրինագիծը կը վերաբերէր Միջազգային դրամատան կողմէ տրամադրուելիք 25 միլիոն տոլար վարկի մը, որուն 91 առ հարիւրը վարկ է, իսկ 9 առ հարիւրը` նուիրատուութեան, որուն նպատակն է «Քորոնա» ժահրի մասին նախազգուշական, կանխարգիլման եւ բուժման ցանց մը ստեղծել` տասը տարուան համար:
«Յանձնախումբին անդամները քննարկեցին այդ օրինագիծը եւ որոշեցին վաւերացնել այդ նուիրատուութիւնը, որպէսզի այլ համաճարակի մը պարագային Լիբանան կարենայ օգտուիլ այդ վարկէն, ինչպէս նաեւ այդ վարկին մէկ մասը տրամադրէ հիւանդանոցներուն` քաղաքացիներուն բուժման ծախսերուն պատճառած բեռը թեթեւցնելու նպատակով», շեշտեց Ալամէ: