ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանական 5 խմբակցութիւններու ղեկավարները 23 Օգոստոսին հանդիպում ունեցան Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի ղեկավարութեան հետ: Այս մասին յայտնեցին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովէն:
Հանդիպման շարժառիթը Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպանորդ-խորհրդական Մաքսիմ Սելեզնիովի` վերջերս կատարած յայտարարութիւնն էր, ինչպէս նաեւ Օգոստոսի սկիզբը Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտումը եւ ապահովական հարցերը:
Հանդիպման ընթացքին վերոնշեալ հարցերուն շուրջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուները տուին պարզաբանումներ:
Մասնաւորապէս յղում կատարելով 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան` նշուեցաւ, որ նոր երթուղին պիտի ունենայ նոյն միջանցքի իրաւական կարգավիճակը, եւ պիտի պահպանուին բոլոր ապահովական բաղադրիչները` 5 քիլոմեթրնոց ապահովութեան գօտիէն սկսած մինչեւ Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերու անցակէտերու տեղակայումը:
Անդրադառնալով վերջին իրադարձութիւններուն` Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի ղեկավար անձնակազմի անդամները յայտնեց, որ Օգոստոսի դէպքերուն վերաբերեալ կատարած են անհրաժեշտ եզրայանգումներ, նոյն ժամանակ անոնք վստահեցուցին, որ յաւելեալ ջանքեր պիտի գործադրեն` ապագային նման խախտումներ կանխելու եւ Արցախի բնակչութեան պատշաճ ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար:
Յայտնենք, որ Սելեզնիով նշած էր, թէ ռուս խաղաղապահները պիտի վերատեղաբաշխուին միայն այն պահուն, երբ Լաչինի նոր միջանցքը բացուի: Եռակողմ յայտարարութեան մէջ նշուած են այն քայլերը եւ քայլերու հերթականութիւնը` նախ կը կառուցուի միջանցքը, եւ մինչեւ անիկա սկսի գործել, ռուս խաղաղապահները կը տեղակայուին հինգ քիլոմեթրնոց միջանցքին մէջ` այդ ճամբուն շուրջ: