Արցախի Ազատագրական շարժման 30-րդ տարեդարձին նուիրուած աշխատանքները համադրող յանձնախումբը, հիմնուած Կլենտէյլի հայ համայնքի կազմակերպութիւններուն վրայ, սոյնով կը յայտարարէ, որ պիտի որդեգրէ նշան մը (logo), որ մրցոյթի յաղթող պիտի ճանչցուի:
Մրցոյթին կրնայ մասնակցիլ իւրաքանչիւր ոք, որ կը ներկայացնէ նորարարական, ստեղծագործական եւ արհեստավարժ մօտեցումով նկարուած նշան, եւ որ կը նպաստէ Արցախեան Ազատագրական շարժման 30-ամեակի աշխատանքին:
Դեկտեմբեր 8, 2017-ին սկիզբ առած մրցոյթին ուղարկուող բոլոր գծագիրները ընդունելի են մինչեւ Դեկտեմբեր 28, 2017: Յաղթողներուն անունները պիտի յայտարարուին Կլենտէյլի հեռատեսիլի կայաններով, կայքէջերով եւ ուղղակիօրէն անհատի ել-նամակի միջոցով մինչեւ ընթացիկ տարուան Դեկտեմբեր 31: Որպէսզի գնահատող դատակազմը քննութեան ենթարկէ կատարուած աշխատանքները, բոլոր գծագիրները պէտք է ուղարկուին հետեւեալ ձեւով.
ա. Ուղարկել
բ. Ուղարկել գծագիրի բնագիրը
գ. Ուղարկել իբրեւ PDF with 300 dpi or higher
Նշանի անհրժեշտ պայմաններ.
Արհեստավարժ մակարդակ. քանի որ այս նշանը կրնայ գործածուիլ մամուլի եւ կայքէջերու մէջ (գրքոյկ, նամակաթուղթ, շապիկ եւ այլն), անիկա պէտք է հաճելի տեսք ունենայ, միաժամանակ պէտք է ընթեռնելի ըլլայ անգլերէնով եւ հայերէնով.
Թեմա.- Նշանը պէտք է նպաստէ Արցախեան Ազատագրական շարժման գաղափարին, ուստի Artsakh is Armenia պարբերութիւնը պէտք է ներառուած ըլլայ:
Գոյն.– Որեւէ սահմանափակում չկայ գոյնի ընտրութեան հարցով, սակայն պէտք է լաւ տեսք ունենայ ե՛ւ գունաւոր ե՛ւ սեւ ու սպիտակ ներկայացնելու պարագային.
Ճշդութիւն.- Նշանը չի կրնար ընդգրկել պատճէնահանուած եւ մրցոյթի մասնակիցին կողմէ խմբագրուած, նախապէս տպագրուած եւ արտօնութիւն ունեցող որեւէ նիւթ կամ պատկեր: Պէտք է դիւրին ըլլայ մեծ կամ փոքր չափի վերարտադրման համար.
Յաղթողը պիտի ստանայ արցախեան գորգ՝ առ ի գնահատանք իր ներդրումին:
Յաջորդ հինգ մասնակիցները պիտի ստանան գնահատանքի վկայագրեր:
ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ
ՇԱՐԺՄԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԻ
ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱԴՐԻՉ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա