ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Մենք, անշուշտ, մեր կարելին կ՛ընենք, որպէսզի երկու կողմերը դարձեալ վերադարձնենք Մինսքի խմբակի հովանիին տակ բանակցութիւններու սեղան, որովհետեւ կը կարծենք, որ հարցը պէտք է լուծուի բանակցութիւններու միջոցով»,
Շաբաթ օր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ իր կարծիքով՝ Երեւան եւ Պաքու երբեւէ պիտի վերադառնա՞ն ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի բանակցութիւններու ձեւաչափին, երբ Պաքու պարբերաբար կը յայտարարէ, որ Արցախի կարգավիճակի հարց չի քննարկուիր:
«Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն տարբեր առիթներով շատ յստակ շարադրած է մեր այս յանձնառութիւնը: Եւ, անշուշտ, երեսուն տարուան պատերազմի եւ լարուածութեան կացութիւնը մէկ գիշերուան ընթացքին չի կրնար լուծուիլ, սակայն կան հիմնաւոր բաներ, զորս մենք կարեւոր կը նկատենք: Ինչպէս նշեցի, մենք Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը լուծուած չենք նկատեր, եւ անիկա պիտի մնայ Մինսքի խմբակի օրակարգին վրայ», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգները երկխօսութեան նախադրեալներ կը տեսն՝ Թրէյսի ըսաւ. «Չեմ ուզեր կողմերուն անունով խօսիլ, նախադրեալներու մասին խօսիլ, սակայն Հայաստանի կառավարութիւնը յստակօրէն նշած է, որ աւելի լայնածաւալ գործողութիւններու, քննարկումներու պիտի չանցնի, որովհետեւ գերիներու հարցը չէ լուծուած: Ինչպէս գիտէք՝ Միացեալ Նահանգները որոշ քայլեր գործադրած է, մեր ռուս գործընկերները եւս ջանքեր կը գործադրեն եւ որոշ յաջողութիւն ունեցած ենք: Մենք յոյս ունինք, որ պիտի հասնինք կէտի մը, երբ բոլոր գերիները պիտի վերադառնան»:
Ըստ դեսպանին՝ չկայ կատարեալ հարթակ, սակայն Մինսքի խմբակը ունի լիազօրութիւն եւ օրինականութիւն: «Մենք զայն տակաւին կը նկատենք բանակցութիւններու համար համապատասխան հարթակ», նշեց Թրէյսի:
Այն նշումին, թէ Հայաստանի մարդկային իրաւանց պաշտպանը Ատրպէյճանի մէջ հայ գերիներու սպանութիւններու եւ խոշտանգումներու վերաբերեալ զեկուցումը ներկայացուցած է, եւ այս առումով ի՞նչ է Թրէյսիի դիրքորոշումը՝ վերջինս պատասխանեց. «Մենք բոլոր երկիրներուն եւ բոլոր անհատներուն կոչ կ՛ուղղենք՝ յարգելու մարդու հիմնարար իրաւունքները: Ինչ կը վերաբերի մարդկային իրաւանց պաշտպանին ու այլ աղբիւրներէ ստացուած զեկուցումներուն, մենք ուշադիր կը հետեւինք բոլոր նման դրսեւորումներուն, պիտի շարունակենք հետեւիլ եւ համագործակցիլ բոլոր կողմերուն հետ՝ անոնց կողմէ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը ապահովելու համար», ըսաւ դեսպանը: