ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- 31 Մարտին, Արցախի մէջ տեղի ունեցան նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնք սկսան առաւօտեան ժամը 8ին, երբ բացուեցան 282 ընտրական տեղամասերը, որոնցմէ մէկը կը գտնուի Երեւանի մէջ` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան շէնքին մէջ, այլ տեղամաս մըն ալ հաստատուեցաւ Շուշիի քրէակատարողական հիմնարկին մէջ: Երեկոյեան ժամը 8-ին փակուեցան ընտրական կեդրոնները։
Այս ընտրութիւններուն գործեցին 8 ընտրական յանձնաժողովներ` Ստեփանակերտի եւ Արցախի 7 շրջաններուն մէջ:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցեցաւ ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն 72,7 տոկոսը՝ 76 հազար 471 անձեր։ Քուէարկութեան կեդրոններու փակումէն ետք տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս տուեալները փոխանցեց Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Սրբուհի Արզումանեան:
Ան ներկայացուց քուէարկութեան մասնակցողներուն թիւերը՝ ըստ շրջաններու. Ստեփանակերտի մէջ քուէարկած են 27.893 քաղաքացիներոնք, որոնք կը հանսիսանան ընտրելու իրաւունք ունեցողներուն 70,6 տոկոսը, Ասկերան` 9611 ընտրողներ կամ 79,4 տոկոս, Հադրութ` 6707 ընտրողներ կամ 76,3 տոկոսը, Մարտակերտ` 9942 ընտրողներ կամ ընտրողներուն 73.3 տոկոսը, Մարտունի`12,657 ընտրողներ կամ ընտրողներուն 72,5 տոկոսը, Շահումեան`1600 ընտրողներ կամ 74,8 տոկոսը, Շուշի`2853 ընտրողներ կամ ընտրողներուն 71,7 տոկոսը, Քաշաթաղ`4799 ընտրողներ կամ ընտրողներուն 67,5 տոկոսը:
Երեւանի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան մօտ քուէարկեցին 409 ընտրողներ կամ ընտրողներուն 52,2 տոկոսը:
Ըստ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահին` համապետական ընտրութիւններուն մասնակցեցան 76 հազար 471 ընտրողներ կամ ընդհանուր թիւին (105 հազար 251) 72,7 տոկոսը: Նախնական արդիւնքները յայտնի պիտի ըլլան մինչեւ 1 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 8-ին։
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային ժողովի համապետական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու եւ ընտրութիւններուն ընթացքը լուսաբանելու համար Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին մօտ հաւատարմագրուած են 963 դիտորդներ եւ լրատուամիջոցներու 231 ներկայացուցիչներ:
Արցախի նախագահի պաշտօնին համար կը պայքարէին 14 թեկնածուներ՝ Քրիստին Բալայեան, Վիթալի Բալասանեան, Սերգէյ Ամիրեան, Դաւիթ Բաբայեան, Բելա Լալայեան, Արայիկ Յարութիւնեան, Հայկ Խանումեան, Դաւիթ Իշխանեան, Վահան Բադասեան, Մասիս Մայիլեան, Աշոտ Ղուլեան, Ռուսլան Իսրայէլեան, Աշոտ Դադայեան եւ Մելսիկ Պօղոսեան:
Ազգային ժողովին համար ընտրութիւններուն կը մասնակցէին 12 քաղաքական ուժեր՝ «Ազգային վերածնունդ» կուսակցութիւն, »Միասնական հայրենիք» կուսակցութիւն, »Անկախութեան սերունդ» կուսակցութիւն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութիւն, Արցախի յեղափոխական կուսակցութիւն, «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ» կուսակցութիւններու դաշինք, «Արցախի Արդարութիւն» կուսակցութիւն, Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն, «Միացեալ Հայաստան» կուսակցութիւն, Արցախի պահպանողական կուսակցութիւն, Լեռնային Ղարաբաղի կոմունիստական կուսակցութիւն եւ «Նոր Արցախ» կուսակցութիւններու դաշինք։
Արցախի ոստիկանութեան պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուեցաւ լուր մը, որուն համաձայն, նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրացանկերուն մէջ տեղ գտած անճշդութիւններուն պատճառով Անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան եւ Տարածքային անձնագրային ծառայութիւններուն զանազան հարցերով դիմած են 101 քաղաքացիներ, որոնց, օրէնքով սահմանուած կարգով, տրուած են պատասխաններ: