ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Չորեքշաբթի, 31 Յուլիսին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, որ անձնապէս կը վերահսկէ Համահայկական ամառնային 7-րդ խաղերու նախապատրաստական աշխատանքներուն, այս անգամ հրաւիրեց ընդլայնուած խորհրդակցութիւն մը՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի, Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներու եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Քննարկման օրակարգին վրայ էր արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցեր, եւ յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ Համահայկական 7րդ ամառնային խաղերու կազմակերպման:
Երկրին ղեկավարը համապատասխան յանձնարարականներ տուաւ շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն՝ քննարկուած հարցերու պատշաճ լուծման ուղղութեամբ: