ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Օր մը առաջ՝ 27 Մարտին, Ատրպէյճանի կազաբաշխ ցանցը կառավարող կառոյցի՝ «Ազերիկազ»ի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուցած էր, որ 28 Մարտին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնական կազի մատակարարումը պիտի վերսկսի՝ Ստեփանակերտի եւ յարակից այլ բնակավայրերու, եւ առաջին հերթին պիտի կատարուին փորձառական աշխատանքներ:
«Արցախգազ»ը 28 Մարտին արձագանգեց ատրպէյճանական այդ յայտարարութեան՝ դիտել տալով, որ «Ազերիկազ»ի յայտարարութիւնը կեղծ ու սադրիչ բնոյթի ապատեղեկատուութիւն է, որ կը հետապնդէ ստեղծուած բարդ իրավիճակէն օգտուելու եւ արցախահայութիւնը եւ միջազգային հանրութիւնը տեղեկատուական դաշտին մէջ ապակողմնորոշելու նենգ նպատակ:
«Բնական գազը մուտք է գործում Արցախի Հանրապետութեան տարածք միայն մէկ գազատարի միջոցով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքից, իսկ գազամատակարարող ընկերութիւնը «Գազպրոմ Արմէնիա» ընկերութիւնն է (հանդիսանում է «Գազպրոմ» ՀԲԸ 100 տոկոսանոց դուստր ընկերութիւն): Նշուած գազատարից բնական գազի ընդունումն ու բաշխումն իր բաժանորդներին իրականացնում է «Արցախգազ» ընկերութիւնը: Ուստի, հաղորդագրութեան մէջ նշուած ադրբեջանական պետական նաւթային SOCAR ընկերութիւնը կամ դրա դուստր ընկերութիւն «Ազերիգազ»ը որեւէ առնչութիւն չեն կարող ունենալ Արցախի Հանրապետութեան գազամատակարարման գործընթացի հետ: Դա պարզապէս տեխնիկական ու աշխարհագրական առումով էլ բացառւում է», կը նշուի ընկերութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:
Արդէն 3 շաբաթէ ի վեր, Արցախի առաւել քան 100 հազար բնակիչները զրկուած են կազէ: Արցախին բնական կազ մատակարարող հիմնական խողովակը 8 Մարտէն ի վեր վնասուած էր, վերանորոգումէն կարճ ժամանակ ետք, սակայն, Ատրպէյճան դարձեալ դադարեցուց կազամատակարարումը: