Արցախի Հանրապետութեան զինուած ուժերու 2019-ի պատրաստութեան ծրագրին համաձայն, Երկուշաբթի, 17 Յունիսին` Պաշտպանութեան բանակի շարք մը զօրամասերու եւ զօրատեսակներու մսնակցութեամբ սկսած են հրամանատարաշտապային զօրավարժութիւններ:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան հաշորդմամբ, համաբանակային կարեւորութեան զօրավարժութիւնը, որուն ընդգրկուած են շուրջ 10.000 զինուոր, 200-է աւելի հրետանային համակարգեր, մօտ 150 զրահամեքենայ, 50-է աւելի Հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր, աւելի քան 400 մեքենեայ եւ այլ շարժակազմեր, պիտի շարունակուի մինչեւ 20 Յունիս:
Հրամանատարաշտապային զօրավարժութիւններու ընթացքին հիմնական կեդրոնացումը պիտի ըլլայ գիշերային պայմաններու մէջ զօրքերու գործնական խնդիրներու կատարման վրայ, ինչպէս նաեւ կը նախատեսուի մշակել մարտավարութեան նոր դրուագներ:
Զօրախաղերու ընթացքին պիտի փորձարկուին բարձր արհեստագիտութեամբ համալրուած հետախուզական եւ կառավարման համակարգեր, զինատեսակներու նոր նմուշներ: