ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Արցախի մէջ տեւական խաղաղութեան համար պէտք է յաւելալ ջանք տարուի, յայտարարեց ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԽՎ) նախագահ Մարկարեթա Սետերֆելթ` ԵԱՀԿի Մնայուն խորհուրդին ուղղուած իր առաջին ուղերձին մէջ:
Շուէտի խորհրդարանի պատգամաւորը շեշտեց, որ հակառակ այն իրողութեան, որ Արցախի մէջ հրադադարի համաձայնութիւն գոյացած է, պէտք է աւելին կատարել ` երաշխաւորելու տեւական խաղաղութիւն եւ մեղմացնելու համար քաղաքացիներու տառապանքները:
«Հիմնուելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի խորհրդարաններուն հետ մեր լաւ համագործակցութեան վրայ` ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովը պատրաստ է խրախուսելու միջխորհրդարանական երկխօսութիւնը` աջակցելու համար խաղաղութիւնը ամրապնդելու գործընթացին», նշեց ան: