Ուրբաթ, Մարտ 22ի երեկոյեան, Սան Ֆերնանտօ հովիտի Ուինեթքա քաղաքը գտնուող Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ խիստ այժմէական նիւթով դասախօսութիւն-զրոյց մը, որուն իբրեւ հիւր դասախօսներ հրաւիրուած էին պատմաբան փրոֆ. Թաներ Աքչամ (Armenian Genocide studies, Kaloosdian/Mugar Chair, Clark University, Worchester, MA) եւ քաղաքական գիտութիւններու փրոֆ. Ռիչըրտ Հրայր Տէօքմէճեան (Director of Institute of Armenian Studies, USC, Los Angeles, CA):
Աւելի քան 400 հայրենակիցներ ներկայ գտնուեցան այս շահեկան դասախօսութեան (ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսը, տեղական թէ ազգային քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ): Բացման խօսքը կատարեց միութեան գործադիր վարչութեան անդամ Թալին Սարաֆօղլու: Ան ուշադրութիւնը կեդրոնացուց օրուան գլխաւոր թեմային վրայ՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնները եւ մասնագիտական ծրագիրները այսօր՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ. մեր ձեռքբերումներն ու թերացումները»: Ան հրաւիրեց Պոլսահայ միութեան ատենապետ Գուրգէն Պերքսանլարը, որպէսզի փոխանցէ բարի գալուստի իր խօսքը:
Պերքսանլար, ինչպէս միշտ, իր իւրայատուկ ոճով, ներկաներուն ուշադրութիւնը սեւեռեց իրեն վրայ: Անոր խօսքը դիպուկ էր, հակիրճ եւ տեղին: Մեծապէս կարեւոր համարելով հայախօսութեան անհրաժեշտութիւնը՝ որպէս մեր գոյապայքարի հիմնական զէնք ու միջոց՝ հայերէն լեզուով սկսաւ փոխանցելու իր մտորումները օրուան կարեւոր թեմային շուրջ: Ան նշեց, որ «Քլարք» համալսարանի Հայկական Ցեղասպանութեանց ուսումնասիրութեան ամպիոնը եւ անոր վարիչ թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամ շնորհակալ աշխատանք կը տանին Մեսեչուսեցի մէջ՝ ոտքի պահելով եւ ընդարձակելով այդ ամպիոնի աշխատանքները: Պերքսանլար յիշեց, որ Աքչամ առաջիններէն էր, եթէ ոչ առաջինը, թուրք պատմաբաններուն մէջ, որ 1999ին 1915ը ճանչցաւ որպէս ցեղասպանութիւն: Անկիւնադարձային այդ թուականէն առ այսօր, շատ բան փոխուած է թէ՛ աշխարհի եւ թէ թուրք մտածողութեան մէջ: Աքչամ այդ մտածողութեան եւ դրական փոփոխութեան նախակարապետն էր: Պերքսանլար ներկայացուց նաեւ USC-ի Հայագիտական ուսումնասիրութեանց ծրագիրի տնօրէն Ռիչըրտ Հրայր Տէօքմէճեանը եւ բարի գալուստ մաղթեց անոր:
Գուրգէն Պերքսանլար յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Քլարք» համալսարանի Գալուստեան-Մուկար Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեանց ծրագիրին սատարող անանուն նուիրատուին, որ 125,000 տոլար կը յատկացնէ յաջորդ հինգ տարիներուն: Պոլսահայ միութեան այս շատ կարեւոր նախաձեռնութեան ու ծրագիրին, այդ գիշեր, սատարեցին նաեւ այլ նուիրատուներ՝ խոստանալով աւելի քան 60,000 տոլար: Այստեղ հարկ է շնորհակալութիւն յայտնել Պոլսահայ միութեան, որուն աշխատանքը կը մնայ օրինակելի:
Այս առթիւ, ներկայ էր եւ իր խօսքը փոխանցեց «Քլարք» համալսարանէն Էնտի ՄըքԿատնի (Clark Universitie՛s Vice President of Advancement), որմէ ետք բարձրախօսին մօտեցաւ փրոֆ. Թաներ Աքչամ:
Այս թուրք ուղղամիտ պատմաբանը նոր անուն մը չէ հանրութեան համար: Անոր ընտանիքը անցնող հինգ տասնամեակներուն ընթացքին տեսած է բազմապիսի զրկանքներ Թուրքիոյ բանտերուն մէջ: Ներկայիս, ան «Քլարք» համալսարանին մէջ կը պատրաստէ վաղուան ուսումնականը, գիտնականը, պատմաբանը: Անոր եւ «Քլարք» համալսարանի դերը մեծապէս կարեւոր են ամերիկեան թէ համաշխարհային չափանիշներով: Պէտք չէ ջանք ու ճիգ խնայել, որպէսզի նման կառոյցներ բազմանան Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ցեղասպանութեան ճանաչման մեր աշխատանքներուն մէջ տեսնելով հանդերձ դրականն ու գնահատելին՝ ան քիչ համարեց այդ աշխատանքը, մանաւա՛նդ որ Թուրքիան վերջին տարիներուն փոխած է իր ռազմավարութիւնը: Անոնք չեն ըսեր այսօր, թէ Ցեղասպանութիւն եղած է կամ ոչ, այլ՝ հայկական հաստատումները որպէս կարծիք կը ներկայացնեն աշխարհին՝ անոր դիմաց բերելով իրե՛նց կարծիքն ու տեսակէտը այդ մասին: Թուրքիա այսօր մեծագումար տոլարներ կը ծախսէ՝ լռեցնելու համար մարդկութեան խիղճը, արդարութիւնը:
Աքչամ նշեց նաեւ, որ մենք այսօր պատրաստ չենք պայքարելու այդ անարդարութեան դէմ, Միացեալ Նահանգներու մէջ: Չկան բաւարար կեդրոններ, ֆոնտեր, գումարներ՝ պատրաստելու եւ աշխատանքով ապահովելու համար նոր երիտասարդ գիտնականներ ու պատմաբաններ: Ան տուաւ օրինակ մը, թէ ինչպէ՛ս այսօր, երբ թուրք երիտասարդ ուսանողներ կ՛ուզեն ուսումնասիրել Հայոց Ցեղասպանութիւնը, չկան նիւթական միջոցներ անոնց համար: Անշուշտ, նոյնն է պարագան նաեւ հայ կամ օտար ուսանողներու, որոնց համար անհրաժեշտ է հիմնադրամներ ստեղծել, ինչպէս՝ Պոլսահայ միութեան գնահատելի ծրագիրը «Քլարք» համալսարանէն ներս:
Աքչամ նշեց, որ անցեալին արհամարհուած են հայկական աղբիւրները. Հայոց Ցեղասպանութիւնը ամէն քայլափոխի Հոլոքոսթին (Ողջակիզում) հետ չափելը սխալ է. հայկական, սփիւռքեան արխիւները պէտք է բաց ըլլան բոլորին դիմաց, նոր սերունդ պէտք է, որպէսզի գործը շարունակէ. պէտք է Ցեղասպանութեան ենթարկուած իւրաքանչիւր քաղաք առանձինն ուսումնասիրել. ներկայի պուրժուա իսլամ-թուրք ղեկավարութիւնը իր ձեռքը ունի մեծ ուժ, սակայն միաժամանակ, Թուրքիոյ մէջ կան դրական փոփոխութիւններ եւս. ամէն տարի թիւը կը բազմապատկուի անոնց, որոնք կ՛ուզեն ճշմարտութիւնը երեւան հանել, ընդունիլ… նոյնպէս կան թուրքեր, որոնք կ՛ուզեն Միացեալ Նահանգներու մէջ օգտուիլ խօսքի ազատութենէն, սակայն կայ նաեւ հակառակ գործընթացը:
Եզրակացնելով իր խօսքը՝ Աքչամ ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց Թուրքիոյ եւ այն հաստատութիւններուն վրայ, որոնք միլիոններ կը ծախսեն՝ իրենց կարծիքն ու ուղղութիւնը պարտադրելով Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ինչպէ՞ս պայքարիլ ասոնց դէմ: Անհրաժեշտ է սերնդափոխութիւն: Աքչամ նշեց, որ ինք միակն է Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, որ կը պատրաստէ Ցեղասպանութեան հարցով խորացած նոր գիտնականներ դոկտորայի աստիճանի: Ան ներկայ հսկայ լսարանին պարտականութիւն տուաւ գտնելու նուիրատուներ, հիմնելու հիմնադրամներ եւ կրթաթոշակներ: Աքչամ ելոյթը աւարտեց՝ «զիս մինակ մի՛ թողուք» զգացական բառերով:
Փրոֆ. Տէօքմէճեան, իր կարգին, անդրադարձաւ Աքչամի ելոյթին: Ան նշեց, որ գոյութիւն ունին հայագիտական եւ պատմագիտական դասընթացքներ՝ ամերիկեան տարբեր համալսարաններու մէջ, սակայն գլխաւոր անցարգելը նիւթական, ֆինանսական միջոցն է: Կայ հսկայական աշխատանք, օրինակ՝ ուսումնասիրել թրքական յուշերը, համեմատել զանոնք վերապրող հայերու յուշերուն հետ, ուսումնասիրել օսմանեան, արաբական, ռուսական, պարսկական նոր աղբիւրներ, քիւրտերու հարցը, իսլամ շիիա եւ սիւննի յարաբերութիւնները Թուրքիոյ մէջ, հայ ժողովուրդին կրած ցեղասպանութիւնները անցնող երեք հազարամեայ մեր պատմութեան ընթացքին, ուսումնասիրել եւ վեր հանել այն թուրքերը, որոնք փրկած են հայեր եւ վերջապէս՝ ուսումնասիրել աշխարհի տարբեր ցեղասպանութիւնները, համեմատել զանոնք եւ առաջք առնել, որպէսզի աշխարհը չտեսնէ նոր եղեռնագործութիւններ:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ երկխօսութիւն մը բեմին եւ լսարանին միջեւ: Հարց-պատասխանը վարեց Պերքսանլար: Պատասխաններուն մէջ ամէնէն յիշարժանն էր հետեւեալը. «Սփիւռքահայեր, գացէ՛ք Թուրքիա եւ գործակցեցէք թուրք հանրութեան հետ (ականջդ խօսի Հրանդ Տինք). թուրք կառավարութեան վրայ ճնշումը պէտք է ըլլայ ներսէն եւ դուրսէն»:
Երեկոյթի աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ Պոլսահայ միութեան հոգաբարձութեան ատենապետ Էտվին Մինասեանը, որպէսզի յուշանուէրներով պատուէ օրուան երկու դասախօսները: Աքչամ ստացաւ նաեւ գնահատագիր մը՝ ստորագրուած Քալիֆորնիա նահանգի խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանի կողմէ:
Մտածել տուող դասախօսութիւն մըն էր այս մէկը: Այսօր, երբ աշխարհն ամբողջ տնտեսական տագնապ կ՛ապրի, երբ Հայաստան հայրենիքի կարիքներուն համահաւասար մեր գաղութները ոտքի պահելու խնդիր ունինք, նոյնքան կարեւոր է ամերիկեան մակարդակով, ամերիկեան չափանիշներով քաղաքական գործիչներ, պատմաբաններ պատրաստելու խնդիրը, որպէսզի տէրը դառնանք մեր դատին:
Շնորհաւորելի են կազմակերպիչ բոլոր մարմինները: Բարձր որակով, հոգի բարձրացնող երեկոյ մըն էր, արդարե՛ւ:
Հանդիսութեան աւարտին զրոյցները տակաւին երկար շարունակուեցան հիւրասիրութեան համադամ պատառներուն շուրջ:
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ