ՄԱԿ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ԿՈՉ ԸՐԱՒ
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը արտակարգ եւ դռնփակ նիստի մը ընթացքին քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի զարգացումները: ՄԱԿ՝ ռազմական գործողութիւնները անմիջապէս դադրեցնելու կոչ ուղղեց Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին, ինչպէս նաեւ իր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեց ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, թէ ազերիները 500 բանակային կորսնցուցած են 29 սեպտեմբեր 2020-ի դրութեամբ: Ան աւելցուց, թէ այն ինչ տեղի կ’ունենայ առանձին դիրքերու պատերազմ չէ, աւելի մեծ նշանակութեան պատերազմ է:
Յովհանիսեան ըսաւ, թէ պատերազմին թափը եւ ռազմագիտական բաղադրիչները աննախադէպ են .« Բացառիկ եւ աննախադէպ են այս պատերազմին թափն ու ծաւալը, այլ նաեւ ռազմագիտական բաղադրիչները: Փաստացի մենք կը վարենք 5-րդ սերունդի պատերազմներուն բնորոշ գործողութիւններ: Կան ընդծգուած առանձնայատկութիւններ, վերլուծութիւնները մեր յաղթանակէն ետք». ըսաւ Յովհաննիսեան:
Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան յայտարարեց, թէ ռազմաճակատի ամբողջ երկարութեամբ հրետանային ռմբակոծումը շարունակուած է մինչեւ առաւօտ: Հայկական ուժերը երկու անօդաչու թռչող սարք չէզոքացուցած են գիշերուան ընթացքին: