«Բագին» գրականութեան եւ արուեստի հանդէսին խմբագրութեան կազմակերպութեամբ գրական հանդիպումը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 25 փետրուար 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ: Գրական հանդիպումին ընթացքին «Բագին»-ի խմբագիր Յակոբ Պալեան ներկայացուց Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեանի «Խանձուած օրեր»` 1915-ի յիշողութեան վէպը, որ իբրեւ թերթօն լոյս տեսած է «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ 1938-1939 թուականներուն, ապա 2004-ին լոյս տեսած է ֆրանսերէնով` թարգմանութեամբ Արմէն Բարսեղեանի:
Յակոբ Պալեան նախ ներկայացուց վէպին նիւթը եւ կառոյցը. Սոնան` բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ, եռանդուն պարմանուհին կը հանդիպի յեղափոխական գործիչ Սարգիս Բարսեղեանին եւ Պոլսոյ մէջ գեղեցիկ սիրով մը կը կազմեն իրենց բոյնը: Երկուքն ալ կը նուիրուին ազգային- ազատագրական շարժման: Գեղեցիկ երազի մը պէս կարճ տեւած իրենց բոյնը կը խարխլի Սարգիս Բարսեղեանի ձերբակալութեամբ ու նահատակութեամբ, բայց Սոնային համար Սարգիս կը մնայ աքսորուած, անոր սպասումը կը դառնայ երազ:
Թուրք զինուորներու հետապնդութիւններէն մազապուրծ կ՛ազատի Սոնան ու իր զաւկին հետ կ՛անցնի Երեւան, ուր կը ստանձնէ Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան օրերուն խորհրդարանի կին պատգամաւորի պաշտօն, իսկ խորհրդայնացումէն ետք կը հաստատուի Փարիզ ու կը լծուի ազգային գործին: Փարիզ հասած Պերճուհին կը գրէ բազմաթիւ գիրքեր եւ կը մեռնի 1940-ին: Պերճուհին իր գիրքին մէջ կը գրէ. «Եթէ կարենայի գրկել այս մեծ եւ փոքր տղաքը, որոնք շատ անգամ ո՛չ իրենց, ո՛չ ալ իրենց ծնողաց անունը կը յիշեն, եւ որբանոցին մէջ պատահական անուն մը կը տրուի իրենց… կարենայի գրկել եւ ըսել. -Սիրելինե՜ր… Սիրելինե՜ր… Միայն այսքան, ուրիշ ի՞նչ կարելի է ըսել այս խոշտանգուած բողբոջներուն»:
Պալեան յայտնեց, որ վէպը կը պարունակէ այն օրերու քաղաքական մտածողութեան պատկանող էջեր, ընթերցողին առջեւ կը բանայ պատկերներ սիրոյ, յեղափոխութեան, տեղահանութեան եւ ջարդերու, հարիւրաւոր մտաւորականներու սպանդի, ապա սպասումի եւ յոյսի: Վէպը պատում մըն է, որուն հերոսները իրական անձնաւորութիւններ են, որոնք կը պատկանին հայ ազատագրական շարժման, հայ կիներու դիմադրական շարժման, Հայաստանի առաջին անկախացման, եւ վերջապէս, Փարիզի մէջ որբերու ու անհայրենիքներու ծառայութեան:
Յակոբ Պալեան ներկայացուց նաեւ վէպի գաղափարական արժէքը` ըսելով, որ ինքնակենսագրական բնոյթի այս գործը միաժամանակ հաւաքական յիշողութիւն մըն է այն մարդոց, որոնք կ՛անցնին դժոխքէն ու ամէն գնով կը կառչին կեանքին: Ան ըսաւ, որ յիշողութեան վերականգնումը հայ գրականութեան մէջ անխուսափելի անհրաժեշտութիւն է: Մեր յիշողութիւնը պէտք է ամէն գնով միջազգայնացնել արուեստով, գեղարուեստական գրականութեամբ: Ապա Պալեան եզրափակեց խօսքը ըսելով, որ 100-ամեակի այս օրերուն հարկ է յոյժ կարեւոր նկատել նման աշխատանքներ, որովհետեւ իրադարձութիւններու արձանագրութիւնը թոյլ կու տայ պատմականօրէն պահել զայն, մինչ յիշողութիւնը կը պահպանէ իտէալականը: Յիշողութեամբ կը դաստիարակուին սերունդները, որովհետեւ հաւաքական յիշողութիւնը անցեալը կը դարձնէ իրական արժէք, հարստութիւն, մանաւանդ մեր կեանքի անբաժան ու նշանակալի հարց, բայց յատկապէս մղիչ ուժ:
Գրական հանդիպման ընթացքին Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեանի «Խանձուած օրեր» վէպէն ընթերցումներ կատարեցին Հուրի Փափազեան-Էմմիեան եւ Սիլվի Աբէլեան: