ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային հարցեր:
Բագրատունի ամերիկացի դեսպանին ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան կեցուածքները` ինչ կը վերաբերի շրջանային իրադարձութեանց, ինչպէս նաեւ ներկայ փուլին լիբանանեան տագնապի հանգուցալուծման հիմնական լուծումները:
Դեսպան Շիա յատուկ հետաքրքրութեամբ հանդէս եկաւ լիբանանահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն նկատմամբ` շեշտելով միաժամանակ, որ կողմերը պարտին անմիջական կերպով դուրս գալ այս տագնապէն` երկրին վերադարձնելով վստահութիւնը, ի հարկին որոշ զիջումներ կատարելով սեփական շահերէն:
Բագրատունի դեսպանին յայտնեց ՀՅ Դաշնակցութեան նախանձախնդրութիւնը ժողովրդավարութեան պահպանման եւ երկխօսութեան ճամբով առկայ հարցերը անյապաղ լուծելու անհրաժեշտութեան նկատմամբ: