Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Արդէն մէկ տարի անցած է այդ օրէն, երբ հողին յանձնեցինք քու չարչարուած մարմինդ: Այդ մէկ տարիէն առաջ ալ, գրեթէ երեք տարիներ զանազան մակարդակներով եւ հանգրուաններով ֆիզիքապէս չարչարուեցար, մաշեցար, սակայն Անժելայի մնայուն եւ գուրգուրոտ հոգատարութեամբ ու սփոփանքով կեանքդ երկարեցաւ:
Վարուժան Խտըշեան:
Հայ թատրոնի պատմութեան մէջ ինքնուրոյն տեղ ունեցող եւ իր դպրոցը, այսինքն ոճն ու տեսիլքը ունեցող անձ էր: Հայ թատրոն կ՛ըսեմ ընդհանրացնելու եւ ներառելու համար Հայաստանն ու սփիւռքը: Հայաստանը` իր Հայաստանն ու սփիւռքը: Հայաստանը` իր բոլոր մեծերով, սփիւռքը` իր բոլոր գաղութներով: Բախտաւորներէն ենք, որ իր թատրոնը տեսած ենք, շնչած ենք, զգացած ենք:
Այո՛, Վարուժան Խտըշեանի թատրոնը մէկ ամբողջութիւն էր` տարազ, երաժշտութիւն, բեմի յարդարում, դերասանութիւն եւ հայերէն լեզու:
Տասնեակ տարիներու անոր վաստակը անպայման որ Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքի ամէնէն աննշան անկիւնը իր դրոշմը ձգեց: Վարուժանի թատրոնը փոխաբերութեան եւ մեկնարկի դեր խաղաց:
Փաստօրէն մէկ տարի անցած է, եւ բնականաբար տարիներ պիտի անցնին, սակայն թատրոնի «խենթ»-երը եւ «թատրոն»-ով ապրողները Վարուժանը պիտի չմոռնան: Ձայն մը, լոյս մը, երաժշտութիւն մը, բեմադրական ոճ մը միշտ մեր հոգիները պիտի կապեն Վարուժին…
Վերջապէս, անկախ բեմադրիչէ եւ թարգմանիչէ, Վարուժը բեմի հրէշ էր: Բեմի վրայ անոր ներկայութիւնը կը ցնցէր, կը տպաւորէր, սարսուռ կը պատճառէր: Բախտաւորներէն ենք, որ անոր հետ աշխատած ենք: Մեր կեանքի թատրոնէն հիմա ան անցած է անմահութեան թատրոնին, հոն` ան վերը, Շանթի, Աղբալեանի, Իփէկեանի, Փափազեանի, Շահինեանի, Սօս Սարգսեանի, Պերճ Ֆազլեանի եւ բոլորին հետ…
«Թատրոն 67»-ի եւ «Գասպար Իփէկեան»-ի տղաքն ալ որբացած կը զգան պահ մը: Վարուժան ունէր տեսակ մը թատրոնին կապելու հնարք, որ իր շուրջ եւ իրեն հետը աշխատող խումբը կը կախարդէր:
Շատ հետաքրքրական կ՛ըլլար Վարուժին ընտրած թատրոնին առաջին ընթերցումէն ետք իր վերլուծումը` դերասաններուն ներկայացուած: Ծալքեր կը բանար, հերոսներու եւ տիպարներու նկարագրային բացայայտումներ կ՛ընէր, կը մղէր, որ հետը ապրինք պահը, ժամանակաշրջանը կամ վայրկեանը: Հանդիսատեսին հոգին կը գերէր եւ անմոռանալի զգացումներով կը հմայէր թատերասէր հանրութիւնը:
Մեր կեանքի զաւեշտը կը շարունակուի Վարո՛ւժ, իսկ դուն հոն` մեծերուն հետ, լուռ հանդիսատեսը կ՛ըլլաս մեր զաւեշտին: