ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Երկուշաբթի, 28 հոկտեմբերի առաւօտեան, ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի աշակերտութիւնը, ուսուցիչները, անձնակազմը, ծնողներ եւ համակիրներ վարժարանին շրջափակին մէջ բողոքի ցոյցով մը դատապարտեցին վարժարանը փակելու անակնկալ որոշումը, պահանջելով ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութենէն, որ վերատեսութեան ենթարկէ իր այդ քայլը։
Արդարեւ, Ուրբաթ յեմիջօրէին, վարժարանի աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմին տեղեկացուած էր վարժարանը 2019-2020 կրթական տարեշրջանի աւարտին փակելու որոշումին մասին։ Նամակին մէջ շեշտուած էր, թէ որոշումը հետեւանք է նիւթական պատճառներու եւ անոր մէջ կը պնդուէր, թէ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանը պիտի միացուի Քանոկա Փարքի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին, իսկ Մանուկեան վարժարանի ներկայ համալիրը պիտի վերածուի մշակութային կեդրոնի։
Ցոյցին մասնակցեցան նաեւ շրջանի Յովսէփեան եւ Սահակ-Մեսրոպ վարժարաններէն աշակերտներ: