Տնտեսական եւ ելեւմտական հետզհետէ սաստկացող տագնապներուն եւ անոնց ստեղծած ընկերային ահաւոր պայմաններուն զուգահեռ, Պէյրութի տարբեր շրջաններուն մէջ երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ վերստին արձանագրուեցան փողոցները փակելու քայլեր:
Պէյրութի Քասքաս եւ Վերտան-Համրա փողոցները փակուեցան ցուցարարներու կողմէ, որոնք ճամբուն վրայ գտնուող աղբարկղերով եւ անոնց մէջ հրկիզուող աղբով ուզեցին արտայայտել իրենց բողոքը` տիրող կացութեան դէմ:
Աւելի ուշ փակուեցան նաեւ Ռաս Նապաա – Պշարա Խուրի ճամբան, ինչպէս նաեւ Ռաուշէ տանող մայրուղին եւ Թայյունէի ճամբան:
Ցուցարարները բողոքեցին իրենց ապրուստի պայմաններուն, հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու սակի բարձրացումին, ինչպէս նաեւ ջուրի եւ ելեկտրական հոսանքի անջատումին դէմ:
Քաղաքացիներուն կողմէ փողոց վերադառնալու այս քայլերը կ՛արձանագրուին պետական մարզի պաշտօնէութեան կողմէ յայտարարուած բաց գործադուլին զուգահեռ:
Տիրող այս իրավիճակին լոյսին տակ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ պետական պաշտօնէութեան թղթածրարը: Նիստէն ետք աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին բոլորին կողմէ հաստատուած է, որ պետական մարզի պաշտօնեաները ամէնէն աւելի իրաւազրկուած պաշտօնեաներն են` աւելցնելով, որ ամէն գնով պէտք է բարելաւել անոնց ապրուստի պայմանները:
Պայրամ շեշտեց, որ նիստին ընթացքին տրուեցան հետեւեալ որոշումները.
ա) Պետութեան կողմէ տրամադրուած ընկերային օժանդակութիւնները ամսական աշխատավարձի կէս գումարին համապատասխանելու փոխարէն համազօր պիտի ըլլան երկրորդ ամբողջական աշխատավարձի մը` սկսեալ 1 յուլիս 2022-էն: Երկրորդ աշխատավարձը պիտի վճարուի ամսուան ընթացքին` ելեւմուտքի նախարարութեան տրամադրած գումարներուն համաձայն: Պայման է սակայն, որ պաշտօնեաները շաբաթը նուազագոյնը երկու օր ներկայանան աշխատանքի:
բ) Օրական դրութեամբ փոխադրածախսը համազօր դարձաւ 95 հազար լ. ոսկիի:
գ) Պետական պաշտօնեաներուն համար տրամադրուած բժշկական հոգատարութեան եւ ուսման յատկացումները քառապատկուեցան:
Պայրամ յայտնեց, որ մօտիկ ապագային պիտի գումարուի նիստ մը, որուն պիտի հրաւիրուի կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապին, որմէ պիտի խնդրուի, որ ծնողներէն ամերիկեան տոլար պահանջող սեփական վարժարաններուն թելադրուի, որ նման պահանջներէ զերծ կացուցեն պետական մարզին մէջ աշխատող ծնողները: «Տակաւին կայ հաղորդակցութեանց պարագային պետական մարզի պաշտօնէութեան զեղչ տրամադրող յատուկ դասաւորում մը, որուն մասին պիտի յայտարարէ նախարարի պաշտօնակատարը», ըսաւ Պայրամ` աւելցնելով, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն համար պիտի ստեղծուի հատուցման քարտ մը:
Պայրամ իր խօսքը ուղղելով պետական մարզի պաշտօնէութեան հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պիտի զօրակցի անոնց, եւ եթէ պետական ամավարկը շուտով վաւերացուի, ապա ատիկա իր արտացոլումը պիտի ունենայ պետական մարզի պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձին վրայ:
Ան խնդրեց պետական պաշտօնեաներէն տիրող կացութեան նկատմամբ հասկացողութիւն ցուցաբերել եւ բաց գործադուլին վերջ տալ, որպէսզի քաղաքացիներուն շահերը չվնասուին:
Պայրամ իր յայտարարութիւնը եզրափակեց հաստատելով, որ պետական մարզի պաշտօնեան իրեն համար առաջնահերթութիւն է: