ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Կենդանիներու կողմէ յօշոտուելու վտանգէն շատ կը վախնային անցեալի ճամբորդները, որովհետեւ երբեմն անոնք ստիպողաբար քալելով կ՛անցնէին ծառախիտ անտառներէ եւ անմարդաբնակ վայրերէ: Նման վտանգներէ ոմանք մազապուրծ կ՛ազատէին, հաշմանդամութեամբ փրկուած ըլլալնուն համար իսկ փառք տալով Աստուծոյ:
Գիւղացիներու շարքերուն մէջ կարելի էր շատ հանդիպիլ ձեռք կամ ոտք չունեցող՝ խեղանդամ, կամ մէկ երեսը յօշոտուած մարդոց, որոնք ցաւով պիտի պատմէին իրենց անտառային փորձառութեան մասին: Կը պատահէր նաեւ, որ ոմանք ամբողջովին անվնաս դուրս գային, նախախնամութեան հրաշքը տեսնելով պատահարին մէջ:
Մեզի անձնապէս ծանօթ որսորդ մը կը պատմէր իր դառն փորձառութիւնը, երբ հրացանով վարազ մը տապալելէ ետք մօտեցած էր անոր, կարծելով որ կենդանին սատկած էր արդէն, սակայն յանկարծ վիրաւոր վարազը իր ամբողջ ուժը հաւաքած՝ յարձակած էր որսորդին վրայ: Այնուհետեւ մահու-կենաց պայքար սկսած էր անոնց միջեւ, մինչեւ որ որսորդը յաջողած էր իր ձեռքի սուր դանակը վարազին սիրտին մխրճելով՝ փրկուիլ ստոյգ յօշոտումէ:
Գայլերու անգթութեան մասին յաւելեալ բացատրութիւն տալու կարիք չկայ, որովհետեւ այս գազանին բնութիւնը ծանօթ է բոլորին, եւ նոյնիսկ իբրեւ վայրագութեան չափանիշ, անոր կերպարը յաճախ կ՛օգտագործուի: Ոմանք կ՛ուզեն մեղմել գայլին բնաւորութիւնը, այն կարծիքը յայտնելով, թէ գայլը առանձինն աւելի տկար բնութեամբ ներկայացող գազան է, յարաբերաբար այն իրավիճակին, երբ վոհմակի միացած ըլլալով՝ աւելի զօրաւոր զգայ ինքզինք: Ախորժակը կերակուրը տեսնելէ ետք աւելի կը բացուի, կ՛ըսէ հայկական առածը: Գայլերու պարագային ալ նոյնն է. անոնց ալ ախորժակը աւելի կը սրի, երբ իրենց ընկերներուն հետ միասին թիրախ դարձնեն զոհը, բաժնեկցելու համար յօշոտման հաւաքական հաճոյքը:
Կենդանական աշխարհի պաշտպան կազմակերպութիւններ որքան ալ պաշտպանեն կենդանիներու իրաւունքը, գիւղացիներ բնաւ պիտի չխղճան այն գայլին, որ կը համարձակի մօտենալ իրենց գիւղին: Անոնք լաւ գիտեն, որ գայլը զատողութիւն պիտի չդնէ նորածին գառնուկին եւ առողջ ոչխարին միջեւ: Անիկա նոյնիսկ իր կլափը ինկած կաղ հաւուն պիտի չխղճայ:
Գայլերու ունեցած մեծ փորձառութեան ակնարկութիւն մըն է «թրջուած գայլ» ասոյթը, որ ընդհանրապէս կը տրուի այն մարդոց համար, որոնք կեանքի տարբեր կացութիւններ տեսած են, ճարտարութեամբ դուրս գալով անոնցմէ: Այնպէս, ինչպէս գայլը եղանակային բոլոր իրավիճակներուն կը յարմարի, գարնան թէ աշնան, ամրան թէ ձմրան իր որսը կը գտնէ, նոյնպէս ալ որոշ մարդիկ ուր որ իյնան «չորս թաթերու վրայ կը կանգնին», այսինքն ինչպիսի միջավայրի մէջ ալ գտնուին, անպայման տեղին յարմարելու ձեւը կը գտնեն: «Թրջուած» ըլլալը, սակայն, յաւելեալ փորձառութեան մը ակնարկութիւն է, այսինքն՝ «ձիւն ու անձրեւ»է վերապրածի փորձառութիւն, որուն սպառնացած բոլոր երեւոյթները յաղթահարուած են եւ մեծ փորձառութեամբ զինած գայլը: «Թրջուած» ըլլալուն նման, կայ նաեւ «շատ թակարդներ փակած» գայլին փորձառութիւնը, որ կը նշանակէ, թէ հակառակ լարուած թակարդներուն, ան կրցած է խոյս տալ զինք կալանաւորող վտանգաւոր միջավայրէն: Նման կացութիւններ կը զօրացնեն գայլին հոտառութիւնը, որ այնուհետեւ աւելի զգուշութեամբ կ՛անցնի չոր խոտերով ծածկուած գետիններէն, լաւապէս կը հոտուըտայ կոխելիք տեղերը, որպէսզի չբռնուի իրեն համար լարուած թակարդներուն մէջ:
Գայլերէ յօշոտուելու սարսափը բնաւ պիտի չփարատի մարդկութեան հոգւոյն մէջ այնքան ատեն, որ այդ կենդանիին գազանային բնութիւնը չէ՛ փոխուած: Մարգարէութեան մէջ կը կարդանք, որ պիտի գայ ժամանակ, երբ այնպէս պիտի ըլլայ, որ «գայլք եւ գառինք ի միասին ճարակեսցին»:
Վտանգին վայրկեանը ո՛չ ոք կրնայ գուշակել: Գիշեր թէ ցերեկ փորձանքները անպակաս չեն մեր կեանքէն: Սակայն ամէն մարդ ալ կը սպասէ, որ նախախնամութիւնը օգնէ իրեն այդ պահուան ընթացքին: Սոյն օժանդակութիւնը կրնայ անպայման մոգական գաւազանի հպումով ստացուելիք օգնութիւն չըլլալ, այլ Աստուծոյ կողմէ ղրկուած անձի մը օժանդակութիւնը, որ նոյն պահուն յանկարծ կը յայտնուի մեր կողքին: Պատահած է, որ անմարդաբնակ վայրի մը մէջ, ուր յանկարծ խանգարուած է մեր ինքնաշարժը, պատահական անցորդ մը կանգնեցուցած է ինքնաշարժը եւ օգնած է մեզի, աշխատցնելով շարժիչը: Ինչպէ՞ս յայտնուեցաւ այդ մարդը ճիշդ այդտեղ եւ ճիշդ այդ պահուն…։ Այս է պատճառը, որ մարդիկ միշտ կը նախընտրեն քաղաքներու կամ գիւղերու մօտիկ ճամբաներէ անցնիլ ճամբորդութեան ժամանակ: Աւելին, ամէն մարդ կը յուսայ, որ կարիքի պահուն իրեն ծանօթ անձ մը ըլլայ շրջապատին մէջ: Օրինակ, կառավարատան դռնէն ներս մտած ատեն կ՛ակնկալէ, որ այնտեղ աշխատող պաշտօնեաներուն մէջ զինք ճանչցող մը ըլլայ, որպէսզի իր գործերուն հեզասահ ընթացք տայ: Հիները ասոյթ մը ունէին. «Կառավարութեան մէջ քեռիս ըլլայ», այսինքն զիս պաշտպանող անձ մը: Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ տեղէ մը գնում ընելու պարագային մեր ունեցած բնական սպասումին համար, երբ բոլորս ալ Աստուծմէ կ՛ուզենք, որ վաճառողը ծանօթ ըլլայ կամ գէթ խղճամիտ անձ մը ելլէ մեր դիմաց, որպէսզի մեր վճարելիք գումարին փոխարէն լաւ ապրանք տայ մեզի, երկարատեւ գործածութեան դիմացող: Գործածուած ինքնաշարժ մը գնելու օրինակը ամէնէն ցայտունն է այս առումով, երբ մի քանի մասնագէտներու կարծիքին յենելով իր ընտրութիւնը կը կատարէ յաճախորդը: Ի վերջոյ անոնց խօսքին կը վստահի ու կը վճարէ պահանջուած գումարը:
Բառին բուն իմաստով անհաւատ մարդը զուգադիպութիւն կը համարէ իր կեանքին ընթացքին պատահող բոլոր դէպքերը, նոյնիսկ դրականները, որոնց ետին իր մեծ կարողութիւնները կը տեսնէ: Սակայն հաւատացեալ մարդը անպայման նախախնամութեան միջամտութեամբ կը բացատրէ բոլոր դէպքերը, բացասականներէն ողջ ու առողջ դուրս եկած ըլլալուն համար փառք տալով Աստուծոյ, իսկ դրականներուն համար գոհաբանութիվն ընծայելով Անոր:
Կեանքը անակնկալներով լեցուն միջավայր մըն է: Որքան հրեշտակատիպ անձեր ձեռք-ձեռքի տուած կը շրջին, նոյնքան եւ աւելի գայլատիպ մարդիկ վոհմակներ կազմած՝ կը յարձակին: Գործի, վաճառականականութեան կամ աշխատանքային որեւէ ասպարէզի մէջ վստահութեան պակասը կը ստեղծէ անախորժ մթնոլորտ մը, որուն պատճառով շատեր կը կորսնցեն իրենց համբաւը եւ ամբողջ ստացուածքը:
Առածանման մաղթանք մըն է այս խորհրդածութիւնը, որուն հիմնական միտք բանին պաշտպանուածութիւնն է նախ Աստուծոյ կողմէ, եւ ապա իսկական բարեկամներու միջոցաւ, որոնք ամէնէն դժուար պահերուն յանկարծ մեր կողքին կը յայտնուին, իրենց զօրեղ ու անկեղծ օժանդակութիւնը ցուցաբերելով մեզի:
Վերջապէս, «գայլը» եթէ «գիւղի մը մօտ» յարձակի ու փորձէ յօշոտել մեզ, թերեւս փրկուինք «գիւղացիներուն գոռում-գոչումներէն», որոնց պատճառով «գայլերը» մեզ թողուն ու հեռանան: