Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը 5, 6 (ստանձնած է Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանը) եւ 7 ապրիլին` երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ պիտի ներկայացնէ «Տեսակ մը թատրոն» թատրերգութիւնը:
Այս անգամ խումբը բեմ կը բարձրանայ ամերիկացի 5 տարբեր գրողներու 5 տարբեր պատկերներով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը յատուկ մթնոլորտ ու նիւթ կ՛ընդգրկէ` վերացական, առօրեայ կեանքի հետ առնչուող, սիրային եւ երգիծական:
«Տեսակ մը թատրոն»-ը կը բեմադրէ Յակոբ Տէր Ղուկասեանը: 5 պատկերներու դերասաններն են Անի Պարիկեան, Խաչիկ-Հրակ Տէմիրճեան, Հերմինէ Նիւրբեթլեան, Յովսէփ «Եուսուֆ» Գափլանեան, Սարին Պագգալեան, Հրանդ Գալեմքերեան, Վարդան Ազնաւուրեան, Դալար Արսլանեան եւ Ժան Պէքէրէճեան: