Կազմակերպութեամբ Քուէյթի Ազգային Վարժարանին, համագործակցութեամբ Ապտուլ Ազիզ Ալ Պապթէյն գրադարանի Տնօրէնութէան, Երեքշաբթի 5 Մարտ 2019-ի յետմիջօրէին, տեղի ունեցաւ Գեղարուեստական երեկոյ մը «Մշակութային Երկխօսութիւն, Յանուն խաղաղութեան»խորագրով:
Սոյն հանդիսութեան ներկայ էին, շարք մը Քուէյթցի մտաւորականներ եւ երեւելի անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ ՀՀ դիւանագիատկան ներկայացուցիչները, Հայ համայնքի հոգեւոր ու ազգային պատասխանատուները եւ մեծ թիւով Քուէյթահայեր: Գեղարուեստական կոկիկ յայտագրով ներկաները ըմբոշխնեցին հայկական եւ արաբական մշակոյթներէն պատառիկներ: Աւարտին տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական համադամ ճաշերու հիւրասիրութիւն, պատրաստուած վարժարանիս Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէ: