23 եւ 24 Սեպտեմբեր 2023-ին, գոգինիոյ զաւարեան կեդրոնին մէջ գումարուեցաւ Յունաստանի Թեմին Ազգային Երեսփոխանական 44-րդ ժողովը¸ ։
Առ ի գործադրութիւն Թեմիս կանոնագրութեան 39-րդ յօդուածին¸ Երեսփոխանական ժողովը թեմակալ Առաջնորդի ընտրութեան օրակարգով¸ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանը միաձայնութեամբ վերընտրեց Յունաստանի Թեմի Առաջնորդ յառաջիկայ վեց տարուան նստաշրջանի համար։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կը մաղթենք եկեղեցաշէն եւ ազգօգուտ բարի ծառայութիւն։